ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մասնակցած է Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ տեղեկացուցած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Պատալեան։
Աւելի ուշ տեղեկացուած էր, որ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ծրագրուած են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մասնակցութիւնը «Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» քննարկումին՝ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։