Ուրուկուէյի խորհրդարանը որդեգրած է յայտարարութիւն մը, որով Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղուի անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ապարաժ»-ը:

Հայազգի երեսփոխան Խոսէ Լուիս Սաջեանի նախաձեռնութեամբ` Ուրուկուէյի պատգամաւորներու պալատի նիստի ընթացքին երեսփոխանները անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին:

Սաջեանի նախաձեռնութիւնը ստացած է աջակցութիւնը խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ հպարտութեամբ ընդգծած են, որ Ուրուկուէյը առաջին երկիրն է, որ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Երեսփոխաններ Խոսէ Լուիս Սաջեան, Աննա Օլիվերա եւ Փետրօ Խիստոնեան խօսած են նաեւ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտումներու, Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներու մասին` յիշեցնելով, որ Ուրուկուէյի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է յայտարարութիւն, որով Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղուի` ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները: