Շաբաթ, 15 Մարտ 2025-ին, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաայի որոշումով պետական պաշտօնեաներուն նուէր գումար պիտի տրամադրուի Ֆըթըրի տօնին առիթով։
Որոշումը կը ներառէ քաղաքային, զինուորական եւ հանգստեան կոչուած պաշտօնեաները։ Նախագահական որոշումին համաձայն պաշտօնեաները երկրորդ ամսական մը պիտի ստանան այս ամիս։
Սուրիոյ ելեւմուտքի նախարարին կը յանձնարարուի նախագահական որոշումին գործադրումը։