Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ, գնդապետ Հուսէյն Ապտուլ-Ղանի այսօր յայտարարեց ծովափի շրջանի նախկին վարչակարգի մնացորդներուն դէմ զինուորական գործողութեան աւարտը՝ յետ նպատակներու իրակաանացման, ընդգծելով, որ պետական կառոյցները այժմ կրնան վերսկսիլ իրենց աշխատանքը՝ նախապատրաստուելով կեանքի բնականոն վիճակին։
Գնդապետ Ապտուլ-Ղանի աւերցնելով ըսաւ, որ ապահովութեան ծառայութիւնները յաջորդ փուլին պիտի աշխատին ամրապնդել իրենց աշխատանքը՝ շրջանի կայունութիւնը ապահովելու և մարդոց անվտանգութիւնը պահպանելու համար։ Այս իմաստով մշակուած են նոր ծրագրեր՝ աւարտելու պայքարը նախկին վարչակարգի մնացորդներու դէմ եւ նախարարութիւնը կ՛աշխատի վերացնել ապագայ սպառնալիքները եւ կանխել քրէական բջիջներու վերակազմակերպումը: