Ծանօթ եւ օտար կին մը՝ Քրիստիանան, որ օտար դպրոցի մը մէջ անգլերէն լեզուի աւագ ուսուցչուհի էր, ամէն օր աշխատանքէն ետք գիրք կը կարդար. կը տեսնէի զինք իր տան բակը, արեւին տակ փռուած, կողքին խմիչքի գաւաթը: Օր մը հարցուցի.
_ Ի՞նչ կը կարդաս:
_ Ա՛ղբ,_ ըսաւ առանց տատամսելու:
Չպատասխանեցի թէեւ, բայց միտքիս մէջ յստակօրէն լսեցի՝ եթէ աղբ է, ինչո՞ւ կը կարդաս:
Պատասխանը գիտէի՝ կը կարդար, որովհետեւ դիւրին է եւ շատ հաճելի աշխատանքային ծանր օրէ մը ետք նման գիրքեր կարդալը, այսինքն այն գիրքերը, որոնք իրենց եռամսեայ հռչակը վայելելէ ետք, կ’իյնան մոռացութեան գիրկը:
Հիմա որ ես ալ հանգստանալու համար նման գիրքեր կը կարդամ, կը տեսնեմ որ բոլորը «աղբ» չեն, ինչպէս Քրիստիանան ըսած էր: Լաւ գիրքեր ալ կան, միտքն ու հոգին հանգստացնելու, մտահոգութիւնները մոռցնելու կոչուած:
Բայց ինչո՞ւ այդ գիրքերը մոռացութեան գիրկը կ’իյնան:
Պարզ չէ՞ թէ ինչու. որովհետեւ այնքան գրող կայ, այնքան գիրք կ’առաջարկուի հրատարակչատուներուն, հրատարակելի գիրքերը կարգի կեցած իրենց հերթը կը սպասեն, անընդհատ ետեւէն եկողին հրմշտուքը զգալով …
Այդ գիրքերուն, մանաւանդ անոնց, որոնք best seller-ի ցանկերուն մէջ տեղ կը գտնեն – թէկուզ վերջին տեղը – այդ գիրքերուն դիպաշարը շա՜տ հետաքրքրական է, կառոյցը կուռ, իսկ գրութիւնները բաւականին գրական:
Ամերիկայի, գրեթէ նոյն չափով Ֆրանսայի մէջ հրատարակիչները գիրքերու ծանուցում կ’ընեն, առանց ստիպելու որ ժողովուրդը գնէ եւ ընթերցէ զանոնք:
Մենք սակայն շա՜տ լաւ գիտենք, թէ կը ստիպեն ընթերցողները իրենց հմայիչ ծանուցումներով:
Վերջերս հմուտ գրականագէտ մը ձեռնարկի մը ընթացքին իր գիրքին մասին խօսած էր, մեծապէս խանդավառելով ներկաները, որոնք անվարան գիրքը գներ էին եւ անշուշտ ունեցեր մակագրութիւնը հեղինակին, որ հայ է, իսկ գիրքը՝ անգլերէն: Կը մտածեմ՝ արդեօք այդ գիրքը գնողներէն քանի՞ն պիտի կարդայ զայն, երբ արդէն բաւական բան լսեր է բովանդակութեան մասին: (Հեղնար Զէյթլեան)
Միտքս անընդհատ զուգահեռներ կը գծէ մեր եւ միւսներուն միջեւ. եթէ նկատի չառնենք թիւի հարցը – ինքնին մինչեւ այսօր ալ անորոշ բան մը… Թոյլ տուէք այստեղ մեծ փակագիծ մը բանալ այս մասին:
Կիրակի օրուան ճաշի ընթացքին, ակումբէն ներս հանդիպեցայ պարոնի մը,  որ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ ըստ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանին, Սփիւռքի հայութեան թիւը կը հասնի… 35 միլիոնի:
35 միլիո՞ն: Ցնցիչ:
_ Բայց որովհետեւ ոչ մէկ գաղութի մէջ մարդահամար ըրած ենք, մենք իսկ չենք գիտեր մեր իսկական թիւը:
Գաղութներուն հարցը իրապէ՛ս դժուար է. օրինակ Գահիրէի հայոց թիւը, վստահ եմ շատ աւելին է, քան կ’ըսուի, պարզ այն պատճառով, որ Գահիրէ կամ արուարձանները բնակող շատեր բնաւ կապ չունին եկեղեցիին թէ երեք ակումբներէն մէկն ու մէկուն հետ: Ինչպէ՞ս կարենաս մարդահամար ընել, երբ անոնք ոչ մէկ տեղ արձանագրուած են որպէս հայ: Հաւանաբար այլ գաղութներու մէջ եւս նման երեւոյթ կայ:
Կ’ըսէի՝ եթէ նկատի չառնենք թիւի հարցը եւ դնենք հարցումը՝ ինչո՞ւ մեզի համար գիրքը շահաբեր աշխատանք չէ, իր բոլոր հանգրուաններով՝ գրուելէն մինչեւ սրբագրուիլը, խմբագրուիլը, նկարազարդուիլը, տպուիլը, հրատարակուիլը, ծանուցուիլը…
Պիտի տեսնենք թէ պատասխանը շատ պարզ է՝ որովհետեւ մեր գիրքերը հաճելի չեն:
Մեզի նման ազգային բազմաթիւ հարցեր ունեցող երկիր/ժողովուրդ մը, կրնա՞յ ունենալ պերճանքը հաճելիին:
Այս օրերուն սակայն հաճելին պայման է արուեստի, մանաւանդ գրականութեան յաջողութեան համար: Առանց անոր, գիրքերը չեն ծախուիր եւ չեն կարդացուիր:
Բայց հաճելին չի նշանակեր անլուրջ կամ թեթեւ: Ծանր հարցերը կարելի է նաեւ հաճելի կերպով ներկայացնել …
_ Ե՛ս իսկ ձանձրացայ դար մը եւ աւելի դասագիրքերուն թէ ընդհանրապէս գիրքերուն մէջ անընդհատ կրկնուող մեր նիւթերէն, որոնք անհրապոյր են նոր սերունդին համար,_ կ’ըսէր հայերէն լեզուի ուսուցչուհի մը, ինքն ալ մայր փոքր եւ պատանի զաւակներու:
Երբ կը փորձենք նման հարցերու արմատները հասկնալ, կը հասնինք … ծնողքին եւ տան մթնոլորտին:
Անձնական փորձառութիւնս կը հաստատէ ասիկա:
Քանի մը տարի առաջ «Փոքրիկ Գրողներու Ակումբ»-ը սկսեր էի, տասնեակ մը փոքրիկ գրողներով, որոնցմէ գոնէ երեքը շատ լաւ գրիչ ունէին: Հրատարակեր էի նաեւ «Կանաչ Խնձորներ» գրքոյկը, որ իրենցմէ իւրաքանչիւրին հինգ գրութիւնները կ’ամփոփէր: Բայց…
Ծնողներէն մէկը հանդիպումի ժամուն չէր կրնար/չէր ուզեր տունէն ելլել, զաւակը հասցնելու համար: Ուրիշ մը անկարեւոր կը նկատէր այդ հանդիպումները, դասերու եւ քննութիւններու առկայութեան, մանաւանդ որ ո՛չ հայերէնը, ոչ ալ մանաւանդ գրել ըսուած «արտասովոր ժամանցը» կրնային օգտակար ըլլալ իրենց զաւկին, դպրոցէն ետք, կեանքին ընթացքին: Երրորդ մը – եւ ասիկա շա՜տ աւելի ծանր նստեր էր սրտիս – հաւատք չունէր իր զաւկին ընդունակութեան հանդէպ…
Եւ այդպէս պարզօրէն դադրեցան մեր հանդիպումները. անշուշտ այդ տասնեակը դադրեցաւ գրելէ:
Շա՜տ ափսոսացի, որովհետեւ անոնցմէ երկուքին մեծ ծնողները գաղութին մէջ կարեւոր դեր եւ հարուստ կեանք ունեցած մարդիկ են, որոնց յուշերը կրնային թոռները գրել, գոնէ արձանագրել անոնց պատմածը, ապագային զղջում չունենալու համար:
Յուշերուն տէրերը իրե՛նք կրնան ատիկա ընել անշուշտ, բայց պատկերացուցէք թէ որքա՜ն աւելի կը հարստանան նման յուշեր, երբ ներկայացուին երիտասարդի մը դիտանկիւնէն, նոր շունչ տալով անոնց, նոր հայեացքով ներկայացնելով հինը:
«Անժէլ Քուրթեանի Տետրակները», գիրք մը, որուն մասին բնաւ լսած չեմ եւ կը կարդամ «Ազատ Օր» համացանցային թերթին մէջ.
«Անժէլ Քուրթեանի տետրակները կը ներկայացնեն փոքրիկն Անժէլի եւ իր ընտանիքին ոդիսականը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Փոքր Ասիոյ աղէտի արհաւիրքէն փրկուելու համար»։
Գիրքը, որ նաեւ թատրերգութեան վերածուեր է եւ ներկայացուեր Խրիսթինա Ալեքսանեանի կողմէ, Աթէնքի եւ Փարիզի մէջ, 2018 թուականին, չեմ ունեցած, չեմ կարդացած:
Ասիկա երկրորդ գիրքն է, աղջնակի մը աչքերով դիտուած Եղեռնի արձանագրութեան, Օրօրա Մարտիկանեանի «Հոգիներու Աճուրդը» գիրքէն ետք:
Երկուքն ալ չեն արժանացած ա՛յն հռչակին, որ մինչեւ այսօր կը վայելէ «Աննա Ֆրանքի Օրագիրը»:
Ինչո՞ւ:
Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացեր եմ, եւ յետոյ Հալէպի Համազգային Հիմնարկի շրջանակին մէջ գործող Գիրքի Ակումբին հետ ալ քննարկեր ենք – թեր ու դէմ կարծիքներով – Գէորգ Իփճեանի «Սանտրասեղը», որ օրին աղմուկ բարձրացուցեր էր, մամուլին մէջ հեղինակին հասցէին ուղղուած հայհոյախառն բառերով, հակառակ շատ հետաքրքրական ըլլալուն եւ մէկ շունչով կարդացուելու իրողութեան: Օրին, այսինքն այդ գիրքին լոյս տեսած օրերուն, ասկէ թերեւս աւելի քան յիսուն տարիներ առաջ, հեղինակը ի՛նք անդրադարձեր է մեր գիրքերուն մէջ չգտնուող ընթերցումի հաճոյքին, եւ ըսած, թէ ի՛նք կը փորձէ այդ բացը ամբողջացնել: Բայց արժանացեր է հայհոյութեան:
 Ինչո՞ւ: Կ’երեւի ճի՛շդ այն պատճառին համար, որ մեզի պէս ծանր հարցեր ունեցող ժողովուրդ մը (նոյնը չէ պարագան
Հայաստանի գրականութեան հրապարակին վրայ)  չունի պերճանքը հաճելիին:
Տխուր է:
Մարուշ Երամեան