Հայաստանը կը շարունակէ միջազգային դատարաններու մէջ աշխատանքներ տանիլ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչի գրասենեակը։
Գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձերուն, նաեւ Ռուբէն Վարդանեանին նկատմամբ հարուցուած քրէական գործերով դատաքննութեան ընթացքին առնչութեամբ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը յիշեցման կարգով յայտնած է, որ 2021-2024 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ՝ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար մեղադրուող բոլոր հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձերու կեանքի իրաւունքի, խոշտանգումէն եւ այլ դաժան եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքէն զերծ մնալու, արդար դատաքննութեան, ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած միջպետական գանգատներ ներկայացուած են ե՛ւ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան, ե՛ւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան։
«2025 թուականի Յունուար ամսուն Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի միջոցով ստացուած են վերը նշուած անձերու մասին տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ, որոնք փոխանցուած են հարազատներուն: Ի պատասխան՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ս.թ. 27 Փետրուարին ներկայացուցած է իր դիտարկումները ատրպէյճանական կողմէն ներկայացուած դիրքորոշումներու եւ տեղեկութիւններու մասին՝ պահանջելով Ատրպէյճանը պարտաւորեցնել առաւել մանրամասն տեղեկատուութեան տրամադրում:
Միաժամանակ, Դատարանի ուշադրութիւնը հրաւիրուած է Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ իրականացուող դատավարութեան մէջ տեղ գտնող խախտումներու եւ անոր առողջական վիճակի վատթարացման վրայ, եւ պահանջուած է լրացուցիչ տեղեկատուութիւն։
Վերոնշեալի բնաբանին մէջ կը յիշեցնենք, որ այս պահուն գործադրութեան մէջ են Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի 2020 թուականի 27 Սեպտեմբերի, 3 Նոյեմբերի, 11 եւ 23 Դեկտեմբերի, 2021 թուականի 17 Փետրուարի, 2023 թուականի 21 Նոյեմբերի եւ 2024 թուականի 6 Նոյեմբերի որոշումները, որոնք ընդունուած են միջանկեալ միջոցի կիրառման ընթացակարգի շրջանակին մէջ եւ կը վերաբերին, ի թիւս այլնի, գերեվարուած անձերու, այս պահուն Ատրպէյճանի մէջ գտնուող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Կը շարունակուի նաեւ գործադրութեան մէջ մնալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի 7 Դեկտեմբերի որոշումը, որով Դատարանը, Ատրպէյճանի դէմ կիրառելով ժամանակային միջոցներ, ի թիւս այլնի, սահմանած է, որ Ատրպէյճանը պարտաւոր է 2020թ. պատերազմի ընթացքին եւ անկէ վերջ գերեվարուած եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր անձերը պաշտպանած բռնութենէն եւ մարմնական վնասուածքներէն, ինչպէս նաեւ ապահոված է անոնց անվտանգութիւնը եւ օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը։ Միաժամանակ, իր 12 Հոկտեմբեր 2022-ի որոշմամբ Դատարանը արձանագրած եւ ի գիտութիւն ընդունած է Ատրպէյճանի յանձնառութիւնը՝ ապահովելու 7 Դեկտեմբեր 2021-ի որոշումով սահմանուած վերոնշեալ պարտաւորութիւններուն կատարումը Ատրպէյճանի մէջ պահուող որեւէ հայազգի անձին նկատմամբ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակը կը հետեւի այս օրերուն Ատրպէյճանի մէջ ընթացող դատավարութիւններուն։
Գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ ըստ սահմանուած ընթացակարգի Եւրոպական Դատարան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարան պիտի ներկայացուին անհրաժեշտ լրացուցիչ ապացոյցներ եւ պահանջներ։