Սուրիոյ մէջ անակնկալ իշխանափոխութիւն եղաւ։ 54 տարուան միանձնեայ ու փտած վարչակարգ մը («դուրսէն՝ քահանայ, ներսէն՝ սատանայ»…) մէկ օրէն միւսը փուլ եկաւ՝ իր բոլո՜ր ստորաբաժանումներով։ Հիմա հարկ է որ երկրին առջեւ բացուի նո՛ր շրջան մը, որուն նկատմամբ լաւատեսութիւն կը սնուցէ սուրիացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը։
Մէկդի թողլով երկրին մէջ տեսանելի մեծ ու փոքր բազմաբնոյթ փոփոխութիւնները, ներառեալ՝ մարդոց հոգեբանական ու մտածական ներաշխարհի բարեշրջումները, անցեալ օր ես ինծի հարց տուի, թէ իմ անմիջական նեղ շրջանակին մէջ (տունէն գործատեղի տանող ճամբուն վրայ) ո՞րն էր ամէնէն ակնբախ փոփոխութիւնը։
Պատասխանը յստակ էր. նախ՝ փոխուեր էին հոս-հոն ծածանող դրօշակները, եւ անկէ առաջ՝ վա՛ր առնուեր էին անկեալ վեհապետին ու անոր ընտանիքի անդամներուն հազարաւոր, անհամար լուսանկարները…։ Այս փոփոխութիւնը այնքան աչքառու էր, որ կասկած չէր թողուր, թէ քաղաքիս թաղերը իսկապէս դիմագիծ փոխեր էին։
Այո՛, մեր «երազային» Հալէպը դիմագիծ փոխեր է, անշո՛ւշտ։ Սակայն միայն դրօշակներու երանգներն ու վար առնուած մեծահասակ լուսանկարները չե՛ն որ դիմափոխած են մեր թաղերը, այլեւ՝ ներքին երկարատեւ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած ընկերային ու ժողովրդագրական տեղաշարժերը։ Մա՛նաւանդ՝ հայկական դիտանկիւնէ։
* * *
Անցեալ օր հանդարտօրէն ու յամրաքայլ ճեմեցի ինծի շատ սիրելի պողոտայի մը երկայնքն իվեր։ Քալեցի նշանաւոր Թիլէլի մէկ ծայրէն միւսը։
Բաւական ատենէ իվեր չէի անցած հոնկէ։
Թիլէլը Հալէպի կեդրոնական պողոտաներէն մին է, նաեւ՝ կեդրոնական շուկան, գունագեղ ու ակնախտիղ։
Անիկա սկիզբ կ’առնէ Խանտաք պողոտային մէկ ծայրէն (ոչ-հեռու՝ Պապ էլ-Ֆարաճի հրապարակէն ու անոր կեդրոնը գտնուող պատմական ժամացոյցէն) եւ ուղիղ գծով կը շարունակուի մինչեւ նախկին «Հրշէջներու պողոտայ»-ին մուտքը։
Հինէն իվեր՝ մեղուի փեթակի մը նմանցուցեր եմ Թիլէլը։ Մի՛շտ խճողուած, կողմնակի թաղամասերէ հոն խուժող ու հոնկէ դուրս թափող մարդկային բազմութիւններու անվերջանալի հոսքով, մի՛շտ լուսաւոր ցուցափեղկերով, այդ ցուցափեղկերէն յորդող այլաբնոյթ ապրանքատեսակներով…։ Այսօր եւս Թիլէլը խճողուած է մայթերու վրայ տեղադրուած անհամար սեղանիկներով, որոնց վրայ ամէ՛ն ինչ կը գտնէք, արանց ու կանանց յատուկ…։
Թիլէլը մեզի՝ հայերուս համար ալ, սրտամօտիկ վայր մըն էր, տասնամեակներ շարունակ։ Հայապատկան մեծաթիւ խանութներ ու գործատեղիներ իւրայատուկ բոյր մը, մասնաւոր գոյն մը կու տային Թիլէլին։ Հոնկէ անցնողը իր աջն ու ձախը դիտելով՝ կը կարդար հայատառ ցուցանակներ, կը լսէր հայերէն խօսակցութիւններ…։ Թիլէլի ճի՛շդ պորտին գտնուող «Հոգետուն»-ը, առանձինն, հնադարեան հայկական ներկայութեան մը զօրաւոր փաստն էր արդէն։ Քանի մը տասնեակ խանութներէ ու բակերով օժտեալ միայարկ բնակարաններէ բաղկացեալ «Հոգետուն»-ը առ այսօր սեփականութիւնն է Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան։ Դէպի Ս. Երկիր ուղղուող հայ ուխտաւորներու իջեւանատունն էր այս, գոնէ մինչեւ նախաեղեռնեան շրջաններուն։ Այսօր «Հոգետուն»-ին մէջ գրեթէ հայ չէ մնացած։ Կայ միայն տպարան Ոսկետառը։
Է՜հ, իմ դպրոցս ալ հեռու չէր հոնկէ։ Ընդամէնը՝ քանի մը քայլ անդին։
Մեր Հայկազեան ազգային վարժարանի փոխադրակառքերը ամէն օր Թիլէ՛լը պէտք է ճեղքէին՝ կողմնակի Ֆարհաթ հրապարակը մտնելու ու անոր ճիշդ կեդրոնը կանգնեցուած մարոնիթ նշանաւոր Ֆարհաթ սրբազանին արձանին կից «բեռնաթափելու» իրենց մատղաշ ու ճռուողուն հարիւրաւոր աշակերտները…։ Մենք, դասագիրքերու տրցակներ ի ձեռին, օթոքարներէն իջնելէ ետք, հետիոտն պէտք է քալէինք քանի մը վայրկեան՝ նեղլիկ երկու փողոցներէ մէկն ու մէկը ընտրելով. կա՛մ Հայկազեանի մանչերու մասնաբաժինը տանող ուղին, կա՛մ աղջկանց մասնաբաժնի թաղը՝ Առաքել անունով սասունցի բարձրահասակ պահակի մը խստաբիբ հայեացքին տակ…։ Հիմա ա՛լ չկան այս դպրոցները։ Անոնք նախ միացուեցան իրարու, յետոյ ալ փակուեցան ընդմիշտ՝ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, տեղի տալով քաղաքին պատերազմական իրավիճակէն թելադրուած ստիպողութիւններու։
Հայկազեանի փակումը խոցեց շատ-շատերու սիրտը։ Նախ՝ որովհետեւ ան հալէպահայութեան ամենահին վարժարանը կը սեպուէր, ապա՝ որովհետեւ ան չկրցաւ հրատարակել իր այնքան փայփայուած «Յուշամատեան»-ը, դպրոցական պատմագիրքը, որուն գրառումին ձեռնարկուած էր երկա՜ր տարիներէ իվեր։ Մեր միւս վարժարանները, գրեթէ բոլորն ալ, փրկեցին իրենց պատմութիւնը առանձին յուշամատեաններով, մինչդեռ Հայկազեանը բոլորին մէջ ամէնէն պատկառելի ու հարուստ պատմութիւնը ունեցած ըլլալով հանդերձ՝ մնաց առանց պատմագիրքի։ Կը թուի թէ դպրոցին փակումը ա՛լ վերջնականապէս կացինահարած եղաւ այդ ցանկութեան կամ ծրագրին իրականացման հաւանականութիւնը…։
* * *
Հալէպի Ֆարհաթ հրապարակը փոքրիկ Հայաստան մըն էր, ամբողջովին հայաբնակ կամ քրիստոնէաբնակ։ Հոն էր,_ մինչեւ այսօր հոն է,_ մարոնիթ համայնքին մայր տաճարն ու անոր կից՝ յոյն կաթողիկէ եկեղեցին։
Ո՞վ էր Ֆարհաթ սրբազանը, որուն արձանը կանգնեցուած էր հրապարակին մէջտեղը, բարձր պատուանդանի մը վրայ։ Մարմարեայ յուշաքար մը կը նշէր, թէ արձանը շինուեր էր «մըթրան»-ին (թեմակալ առաջնորդ) վախճանման 200-ամեակին առիթով, 1932-ին։ Տարիները պէտք է սահէին, քիչ մը աւելի խելահաս դառնայինք, որպէսզի օր մըն ալ հասկնայինք, թէ Ճըրմանոս Ֆարհաթ սրբազանը 18-րդ դարու վերածննդեան շրջանի երեւելի դէմքերէն եղած էր Հալէպի մէջ, գրականագէտ ու լեզուագէտ անձ մը, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ։ Մարոնիթ համայնքին առաջնորդի պաշտօնը վարեր էր 1725-էն մինչեւ իր վախճանումը՝ 1732, 62 տարեկանին։
Օ՜, պէտք էր ձեր աչքերը տեսած ըլլային Ֆարհաթ հրապարակի զատկական տօնախմբութիւնները, մասնաւորաբար Աւագ Ուրբաթի յետմիջօրէին։ Կարծէք Հալէպի ամբողջ քրիստոնէութիւնը հո՛ն մէկտեղուած ըլլար։ Սկաուտական վաշտերը հոն էին, երիտասարդներն ու դպրոցականները հոն էին, հոգեւորականներու թափօրնե՛րը հոն էին՝ իրենց առջեւէն քալող տարազաւոր բարապաններով (գաւաս)…։ Ու պէտք էր տեսնել, թէ այդ օր, քրիստոնեայ երիտասարդներ ինչպէ՜ս իրենց ուսերուն վրայ կը կրէին Քրիստոսի խորհրդանշական դագաղը, ծովածաւալ բազմութիւնը ճեղքելով…։ 2011-ի Սուրիոյ պատերազմէն ասդին՝ այդ տպաւորիչ պատկերները ա՛լ չկան, չքացա՜ն…։
Ոսկերիչներու շուկայ էր այս հրապարակը, մեծամասնութեամբ՝ հայ։
Շաբթուան բոլոր օրերուն՝ հայ խօսքը, հայ ձայնը կը թեւածէր Ֆարհաթ հրապարակի մթնոլորտին մէջ։ Եթէ Երկուշաբթիէն Շաբաթ Հայկազեան զոյգ վարժարաններու աշակերտութեան աղմուկն էր տիրապետողը հոն (մանաւանդ դպրոցէն արձակուելու ժամուն), ապա Կիրակի օրերուն ալ կոկիկ ու վայելչօրէն հագուած հայ եկեղեցասէր ու աւանդապահ երկսեռ  հաւատացեալներու հայաբար-բառ մրմո՛ւնջն էր լսելի, երբ անոնք երամ-երամ կ’անցնէին հոնկէ՝ Ս. Քառասնից Մանկանց առաջնորդանիստ մեր եկեղեցւոյ պատարագին հասնելու համար…։
Թէեւ Ֆարհաթ հրապարակը «տիրապետուած» կ’ըլլար Հայկազեանի աշակերտներով, բայց այնտեղ, սակաւաթիւ ու ցանցառ, կը նշմարուէին «միւս»-ներն ալ՝ կիլիկեան-ցիները, դէպի իրենց դպրոցը երթուդարձի ընթացքին։
Արդարեւ, Կիլիկեան վարժարանն ալ հեռու չէր հրապարակէն։ Քիչ մը անդին էր, մօտակայ հնամենի թաղի մը մէջ, որ կը կոչուէր Հարթ Սիսի (Կիլիկիոյ Սիս քաղաքէն եկած հայերու կողմէ բնակուած թաղ մը), որ նմանապէս հայկական դրոշմ կը կրէր։ Այդ թաղին մէջ Կիլիկեանը ունէր 3  մասնաշէնքեր (առ այսօր նոյնն է), իրարմէ քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ (մանկապարտէզ, նախակրթարան ու ճեմարան)։ Հայկազեանցիներուս ու կիլիկեանցիներուն միջեւ որեւէ հաղորդակցութիւն կամ շփում չկար։ Այս զոյգ դրացի դպրոցները, ամենայն հաւանականութեամբ, վարչականօրէն եւս չէին հաղորդակցէր իրարու հետ։ Փոխադարձ առնչութիւն չկար։ Կարծէք անտեսանելի պատնէշ մը կը բաժնէր մեզ…։
Անոնց դպրոցական գոգնոցները տարբեր էին մերիններէն, սակայն ներքուստ կը զգայինք, թէ կային ա՛յլ «տարբերութիւն»-ներ ալ։ Մեր պատանեկան անմեղ ուղեղները չէին ըմբռներ, չէին հասկնար այդ շրջանի «գաղափարական» բեւեռացումները…։ Պարզ խօսիմ. հայկազեանցիները սովորաբար դաշնակցականամիտ ընտանիքներու զաւակներ էին, կիլիկեանցիները՝ հնչակեաններու…։
Կիլիկեանը այսօր ալ կայ եւ հոսանքն ի վեր կը թիավարէ՝ որպէս հալէպահայութեան հնագոյն վարժարանը (հիմնուած է 1921-ին)։ Ոմանց կարծիքով՝ բարեբախտութիւն է, որ ան չէ փակուած տակաւին։
Բայց, մեր միւս բոլոր դպրոցներուն պէս, Կիլիկեա՛նն ալ շատ բան կորսնցուցած է իր անցեալի փառքէն։ Նօսրացած է աշակերտութեան թիւը ցաւագինօրէն, ոչ-հայ աշակերտներու թիւը տիրապետող դարձած է, հայերէնի ուսուցման եւ իւրացման մակարդակը շա՜տ նահանջած…։
Թաղերուն հետ՝ դպրոցներն ու աշակերտներն ալ փոխած են իրենց դիմագիծը…
Լեւոն Շառոյեան