Օրեր առաջ Համայի Սգըլպիէ շրջանին մէջ օտար զինեալներ փորձեցին քաղաքի անդորրութիւնը խանգարել եւ հրկիզեցին հրապարակին մէջ տեղադրուած տօնածառը։

Քաղաքի իշխանութեան ներկայացուցիչները անմիջապէս հանդիպեցան յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդին եւ վստահեցուցին, որ տեղի ունեցածը օտար զինեալներու կողմէ անդորրութեան խանգարման փորձ է եւ այս արարքը գործողները հաշուի կանչուելով պիտի պատժուին։

Համայնքի Առաջնորդ Նիքոլաս Պաալպաքի այսօր շնորհաւորելով շրջանի քրիստոնեաներու Ս. Ծննդեան տօնը պարզեց, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները ներողութիւն խնդրելով անմիջապէս վերանորոգած են տօնածառը։ Ան վստահեցուց, որ Սուրիան համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի երկիր է ու պիտի շարունակէ այդպէս մնալ, առանց տարուելու խառնակիչ օտար տարրերու ոտնձգութիւններով։