ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հովանաւորութեամբ Չորեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի աւանդական ամանորեան ցուցահանդէսին ԱՄԺ Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։
Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին ՍՕ Խաչի Ձեռարուեստի, Աշխատանոցի, Մանկամսուրի, «Փեթակ»-ի եւ «Շիրակ» վաճառատան յանձնախումբերը, ինչպէս նաեւ նստավայրի երեք մասնաճիւղերու եւ Քեսապի «Մեղրի» ու «Գետաշէն» մասնաճիւղերու վարչութիւնները։
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ  սրբազան հօր ձեռամբ, ներկայութեամբ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեանի, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատու Յովհաննէս Խանուէլեանի, Ազգ. Վարչութեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներուն, հիւրերու եւ խաչուհիներու։
ՍՕ Խաչի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան բարի գալուստի խօսքով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այսօր մեծ ուրախութեամբ հաւաքուած ենք ՍՕ Խաչի ցուցահանդէսին, ուր մեր յանձնախումբերը եւ մասնաճիւղերը մեծ յանձնառութեամբ ու նուիրուածութեամբ կը ներկայացնեն հայկական ձեռարուեստը ու զանազան արուեստներ։ Այս աշխատանքը ոչ միայն արտացոլումն է մեր մշակութային ժառանգութեան, այլեւ մեր նուիրուածութեան, աւանդոյթի հզօրութեան եւ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգիին»։
Ապա ան անդրադարձաւ հայկական ասեղնագործութեան, որ մեր ժողովուրդի ինքնութեան ու հպարտութեան խորիմաստ արտայայտութիւնն է։
ՍՕ Խաչը տարիներ շարունակ կը սատարէ հայկական ձեռագործներու պահպանման եւ ամանորի ցուցահանդէսը կ’անուանէ հայկական ասեղնագործութեան մը անուամբ։ Այս տարի ցուցահանդէսը նուիրուած է ժանեակագործութեան։
Այնուհետեւ Ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամ Արշո Թաշճեան տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուց ասեղնագործ ժանեակը ու ըսաւ. «Ժանեակագործութիւնը հայկական կիրառական արուեստի հնագոյն եւ աւանդական ճիւղերէն է, ան ազգային մշակոյթի համակարգի մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւելով սիրուած զբաղում մըն էր։ Հայաստանի մէջ, ան հասած էր արհեստի աստիճանի, որով կը զբաղէին ոչ միայն կանայք, այլեւ տղամարդիկ կը բիւրեղացնէին արհեստագործութեան այս ճիւղը։
Հայ կանայք եւ աղջիկներ ժանեակ հիւսած են տարբեր գործիքներով՝ կարի սովորական ասեղով, կոր ասեղով եւ գուլպայի շիւղերով, անոնք կը գործէին բամպակէ, մետաքսէ տարբեր գոյներով (ճերմակ գերակշռութեամբ), տարբեր ոլորքի հաստութիւն ունեցող թելերով՝ երկար, ժապաւէնաձեւ եւ այլն»։
Ապա դիտել տուաւ, որ ինչպէս զանազան բնագաւառներ, ժանեակագործութիւնը եւս քայլ կը պահէ արդիացման ալիքներուն հետ եւ այժմ անոր ուշագրաւ նմուշները կը ցուցադրուին Յովհաննէս Շարամեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանին մէջ։ 1915 թուականին Կիլիկիոյ շրջանէն գաղթած անհատներ իրենց հետ բերած են ժանեակագործութեան օրինակներ։
Աւարտին իր խօսքին մէջ նշեց, թէ վերջապէս հարկ է յիշել, որ այսօր «Ինքնութեան Դարբնոց» թանգարանային դպրոցէն ներս կը դասաւանդուի ժողովրդական արհեստագրոծութեան  այս ճիւղը։
Ապա Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչուհիներ՝ Անի Պօղիկեան (դաշնամուր) եւ Տեսիլ Սարեան (ջութակ) ներկայացուցին Santa Clause Is Coming To Town, O Holy Night, «Լուսին» ամանորեան երաժշտական ստեղծագործութիւնները։
Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան հրաւիրեց սրբազան հայրը սրտին խօսքն ու օրհնութիւնը տալու։ Սրբազան հայրը ի տես հայկական մշակոյթի պահպանման սատարող այս ձեռնարկին ըսաւ. «Ինծի համար անգամ մը եւս ուրախութիւն է ձեզի հետ ըլլալ եւ այս երեւոյթին ի տես սրտիս խորերէն Աստուծոյ փառք տալ այս օրուան համար եւ ընդհանրապէս ձիրքին, շնորհքին եւ տաղանդին, որոնք ձեր վրայ անձրեւի նման տեղացած են»։
Սրբազան հայրը եզրափակեց իր խօսքը «Պահպանիչ» աղօթքով, ապա  ներկայ հիւրերուն հետ շրջեցաւ սրահին մէջ, ծանօթացաւ ցուցադրուած աշխատանքներուն, հաղորդեց իր տպաւորութիւնները՝ գնահատելով ծառայասէր ու նուիրեալ հայ կիները։
Սրահի կեդրոնի սեղանները ծածկուած էին թանկարժէք հայկական ասեղնագործ ժանեակագործ ծածկոցներով։
Սրահին մէջ ցուցադրուած էին նաեւ աւանդական հայկական ձեռագործներու ընտիր հաւաքածոներ՝ Այնթապի, Ուրֆայի, Վանի, Մարաշի, Սուազի, Լասէի, հայկական ժանեակներու, Նորվեկեանի, Տիգրանակերտի եւ այլ գաւառներու գեղեցկագոյն ձեռագործներ եւ ասեղնագործութիւններ։
Ցուցադրուած էին նաեւ Աշխատանոցի արտադրութիւնները։
Ուշագրաւ էին նստավայրի մասնաճիւղերու շքեղազարդ սեղանները։ Ժրաջան ընկերուհիներու ձեռամբ պատրաստուած հրուշակներ, զանազան տեսակի համադամ պաստեղներ, տուրմեր, մրգեղէն, ընտիր գինիներ,           նշածաղեր եւ այլն։
«Շիրակ» պաշարի յանձնախումբը ցուցադրած էր պաշարի այլազան արտադրանք։
Իսկ ՍՕ Խաչի «Փեթակ» խոհանոցի սեղանները ճոխ էին հայկական համեղ ճաշատեսակներով, խմորեղէնով, բոլորը պատրաստուած հմուտ տիկիններու ձեռամբ։
Նստավայրի մասնաճիւղերու կողքին, այս տարի իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Քեսապի «Մեղրի» եւ Գարատուրանի «Գետաշէն» մասնաճիւղերը։ Քեսապի բարեբեր հողին բերքէն եւ ընկերուհիներու ճարտար ձեռքերով պատրաստուած էին խաղողի ռուպը, խնձորի քացախը, արդար մեղրը, նուռի հիւթը, օճառը, հանգստապատառը, թթուներ, թէյի տեսակներ, մրգեղէն եւ այլն։
Այս բոլորը ներկայացուած էին ճաշակաւոր յարդարումներով։ Մանկամսուրի յանձնախումբը իր մասնակցութիւնը բերած էր Ամանորեան ձեռային աշխատանքներով, նուէրի եւ քաղցրաւենիքի ծրարներով։
Շնորհալի հայուհիներու ձեռարուեստով եւ բազմազան ուտելիքներով զարդարուած սեղանները գեղեցիկ եւ տօնական տեսք տուած էին սրահին։
Ցուցահանդէսին ներկայ էին տեղական լրատուամիջոցներ, ինչպէս «Գանձասար»-ն ու «Ռատիո Երազ»-ը։
Սոնիա Զամպագճեան-Ճարպիկեան