Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի, Նախագահութեամբ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին Տօնը։
Օրուան պատարագիչն էր Արժն. Տ. Պսակ Քհյն. Պէրպէրեան, իսկ Ս. խորանին կը սպասարկէին Հասիչէէն ժամանաց Բրշ. Գրիգոր Սրկ. Տէր Նիկողոսեան, Բրշ. Սերոբ Սրկ. Պետրոսեան եւ Ներսէս Կիս. Սրկ. Իսահակեան։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Բրշ. Յակոբ Աւգ. Սրկ. Պարսումեանի եւ Բրշ. Ազատ Սրկ. Պօղոսեանի։
Հայր Սուրբը իր Քարոզի ընթացքին բացատրեց ժողովուրդին, թէ ինչպէ՛ս իրականացաւ սարկաւագներու ներկայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, շեշտելով, որ սարկաւագներուն ներկայութիւնը ծառայելն էր ժողովուրդին։ Ան ըսաւ, որ այսօր կոչուած ենք օրինակ առնելու Ս. Ստեփանոսէն եւ որպէս Քրիստոնեայ ժողովուրդ ծառայելու մեր եղբայրներուն, իսկ ծառայութեան մեծագոյն օրինակը կը գտնենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կեանքի ընթացքին։
Առաջնորդական Փոխանորդը շնորհաւորեց Ճեզիրէի շրջանի մէջ գտնուող սարկաւագները եւ կիսասարկաւագները։