Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց ֆրանսացի լրագրողներ Փիեռ Պաղպնսի եւ Նիքոլաս Քլաուէ, որոնց կ՚ընկերակցէր թարգմանիչ կին մը։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ դատաւոր Լեւոն Ֆապրիքաճեան։
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ ներկայիս տիրող իրավիճակին եւ երկրի նոր իշխանութեան հետ փոխ-յարաբերութեան գործընթացին։

Այնուհետեւ, ֆրանսացի լրագրողները այցելեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր շրջագայելով ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմութեան եւ թանկարժէք սրբապատկերներուն։