Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմէտ ալ-Շարհ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի բանագնաց Կիր Պետըրսընի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան ՄԱԿ-ի 2254 որոշումին վերանայելու անհրաժեշտութեան շուրջ, նկատի առնելով քաղաքական իրավիճակի փոփոխութիւնները։

Շարհ շեշտեց արագ եւ արդիւնաւէտ գործակցութեան կարեւորութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին հարցերը լուծելու համար, կեդրոնանալով Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջանակութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ վերականգնումի աշխատանքին եւ տնտեսական բարգաւաճման անհրաժեշտութեան վրայ։
Շարհ կարեւոր համարեց անցումային շրջանին զգուշաւոր վերաբերմունքը, պետական հաստատութիւններուն վերականգնումը, այլ երկիրներու մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի ապահովումը եւ այս առնչութեամբ տնտեսական եւ քաղքական աջակցութիւն ստանալը։

Ապա անդրադարձաւ յիշեալ քայլերը զգուշութեամբ եւ առանց աճապարանքի գործադրելու անհրաժեշութեան, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարեց որ այս բոլորի իրականացումը ընթանայ մասնագէտ խմբակներու հսկողութեամբ, որպէսզի լաւագոյն արդիւնքներ ձեռքբերուին։