Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին տօնը կը յիշատակէ յիսնակի երրորդ Կիրակի օրուան յաջորդող Շաբաթ օրը:

Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Ազգ. Կրօնական Ժողովին, Ս. Յակոբի եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, 9 Դեկտեմբեր 2024-էն սկսեալ ամբողջ շաբաթը հսկումի ժամերգութիւններ եւ քարոզախօսութիւններ տեղի ունեցան, Թեմի հոգեւորականաց դասուն կատարողութեամբ:

Ի հեճուկս տիրող իրավիճակին, հաւատացեալները ամբողջ շաբաթը ուխտաւորաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցական արարողութիւններուն եւ իրենց աղօթքները բարձրացուցին առ Աստուած՝ հրաշագործ սուրբին բարեխօսութիւնը խնդրելով:

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց, Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի: Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան: Սուրբ խորանին սպասարկեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Թեմի «Շողակաթ» երգչախումբը:

Օրուան պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով օրուան աւետարանական հատուածը (Յհ 9.39-10.10), ուր Յիսուս ինքզինք որպէս բարի, ճշմարիտ եւ քաջ հովիւ կը ներկայացնէ եւ կը յիշեցնէ, որ այն որ փարախի դռնէն ներս չի մտներ, եւ այլ տեղէ կը մագլցի՝ գող է: Իսկ ան որ փարախի դռնէն ներս կը մտնէ, ան է ոչխարներու հովիւը, որ անուններով կը ճանչնայ իր ոչխարները եւ ինքն է որ ոչխարներուն դուռը կը բանայ եւ ոչխարները դուրս կ’առաջնորդէ: Ճշմարիտ հովիւը կու գայ առաջնորդելու ոչխարները, որոնք կը լսեն հովիւին ձայնը, կը հնազանդին եւ կը հետեւին անոր, որովհետեւ կը ճանչնան զինք:
Յիշելով օրուան առաքելական նամակի հատուածը (Եբր 13.17-21), Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ ականջ տալ եւ մտիկ ընել առաջնորդներուն, հոգեւոր հայրերուն, քահանայ հայրերուն, որոնք գիշեր-ցերեկ աղօթքով կը հսկեն մարդոց հոգիներու փրկութեան համար: Հետեւաբար, կը պատուիրէ հնազանդիլ անոնց, որպէսզի ուրախութեամբ կատարեն իրենց պաշտօնը եւ ո՛չ թէ հառաչանքով:

Սրբազան Հայրը գօտեպնդեց ժողովուրդի զաւակները, հրաւիրելով բոլորը սուրբերու բարեխօսութեան դիմելով խնդրել Աստուծոյ պաշտպանութիւնն ու առաջնորդութիւնը, որպէսզի ողորմելով մեզի, իր կենդանի խաղաղութիւնը հաստատէ մանաւանդ Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ վրայ: Ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Ան մեր կողքին է, մեզ չի զրկեր մեր հոգեւոր եւ մարմնաւոր սնունդէն եւ այսօր մենք կը շարունակենք մեր արարողութիւնները կատարել, քաջ գիտնալով, որ բարի հովիւը կ’առաջնորդէ մեր քայլերը եւ յիշելով իր խոստումները՝ մեր նեղութիւններէն եւ դժուարութիւններէն յաղթական դուրս կու գանք:

Սրբազան Հայրը մատնանշեց երեք տեսակի կեանքեր՝ բնական կեանք (մօրմէ ծնելով նիւթականացած կեանքն է), հաւատքի կեանք (Քրիստոսով ապրուած կեանքն է) եւ Յաւիտենական կեանք (Քրիստոսի շնորհած լեցուն կեանքն է):

Սրբազան Հայրը Ս. Յակոբի տօնին հաւատացեալները արթնութեան հրաւիրեց, անհրաժեշտ նկատելով վերատեսութեան ենթարկել մեր պատրաստակամութիւնն ու մօտեցումը բարի հովիւին նկատմամբ։ Ան պատուիրեց, սուրբերու օրինակին հետեւելով՝ սիրով, զոհողութեամբ, անձնուրացութեամբ եւ զիրար հանդուրժելով աղօթական կեանք ապրիլ, շրջապատի փրկութեան հետամուտ ըլլալով: Ան խնդրեց Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին բարեխօսութիւնը, մաղթելով, որ այս տօնին առիթով Սուրիոյ մօտակայքը գտնուող Մծբին քաղաքէն աստուածային օրհնութեան առուակներ բացուին եւ շատ կարճ ժամանակի ընթացքին սուրիական հայրենիքը վերագտնէ իր ներքին անդորրութիւնը:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Յակոբի մասունքը կրող Սուրբ Խաչով Ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւն կատարեց: Այս առիթով, ան գնահատեց հոգեւորականաց դասը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, Տիկնաց յանձնախումբը, դպրաց դասն ու երգչախումբը՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար, եւ շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրող հայորդիները:

Այս առիթով, հաւատացեալներուն բաշխուեցաւ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետին վարքն ու կատարած հրաշքները բովանդակող գրքոյկ մը, որ հրատարակուած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրամանաւ եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանին պատրաստութեամբ: Նաեւ Ազգ. Կրօնական Ժողովին կողմէ եւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ 90-ամեակին առիթով հրատարակուած աղօթքի բացիկ: Յիշեալ հրատարակութիւններու սրբապատկերներուն հեղինակն է՝ Յովսէփ Վրդ. Աշգարեան:

Աւարտին, եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբը կազմակերպած էր ճաշի վաճառք, բարեսիրական նպատակով:

Ուխտաւորները եկեղեցիէն մեկնեցան հոգեկան ցնծութեամբ, շնորհաւորելով Յակոբ անունը կրող իրենց հարազատները: