«Երանի ձեզի որ երկու լեզու կը խօսիք»։
Նոյեմբեր 2024, Լոս Անճելոս։
Արի Աղպապեան ծնած է Լոս Անճելոս։ Ան մեծ քրոջս որդին է։ Արին կարելիութիւն չունեցաւ հայկական դպրոց յաճախելու, բայց ծնողքին հետեւողական եւ բծախնդիր հոգածութեան տակ ան սորվեցաւ մայրենին։ Արիին հետ Լոս Անճելոս նստած սուրճ կը խմէինք եւ կը զրուցէինք հայերէնով, բայց նաեւ ատեն-ատեն անգլերէնով։
Չնշմարեցի, թէ մեր մօտ նստած էր տարեց ամերիկացի մը։ Երբ ոտքի ելանք երթալու համար, տարեց ամերիկացին ընդմիջեց մեզի։ Յստակ էր, որ կ’ուզէր բան մը ըսել. «Ինչ հաճելի էր որ երկու լեզուով կը խօսէիք», ըսաւ ան։ «Մէկը անգլերէն էր, իսկ միւս լեզուն չգիտցայ»։
«Միւս լեզուն հայերէն է», ըսի ես։ «Մեր մայրենի լեզուն է»։
«Երանի ձեզի որ երկու լեզու կը խօսիք», ըսաւ ան։ «Ես չկրցայ անգլերէնի կողքին ուրիշ լեզու մը սորվիլ։ Կը նախանձիմ ձեզի որ կրնաք երկու լեզուով արտայայտուիլ»։
Սփիւռքահայ մեր իրականութիւններու համար երկու լեզու կիրարկելը հիմնական մարտահրաւէր է։ Եթէ մեր ապրած երկիրներու տեղական լեզուն պիտի սորվինք, կը մնայ մայրենին։ Մեր մայրենին եւ զայն պահելը կարեւոր հիմք են սփիւռքեան իրականութեան մէջ՝ հայապահպանումի եւ հայակերտումի գործընթացին մէջ։ Բայց կայ ներկայ օրերու ապրած մեր իրականութիւնները։
Նոյեմբեր 2024, Մոնթրէալ։
Քանատա աշխատանքային այցելութեան ընթացքին կարելի չէր չհաղորդակցիլ հայկական իրականութեան հետ։ Այս պարագային նաեւ Մոնթրէալի՝ Քանատայի այս ֆրանսախօս Քէպէք նահանգի կարեւոր քաղաքին։ Կարելի չէ զանց առնել այն իրականութիւնը որ Քէպէքի մէջ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները բախումի մէջ են։ Ինչ որ ուշադրութիւնս գրաւեց հայկական իրականութիւնն է այս քաղաքին մէջ։ Մոնթրէալի գաղութին կազմաւորումը սկսած է 1950-ական տարիներուն, երբ Յունաստանէն, Եգիպտոսէն, Պոլիսէն, Լիբանանէն, Իրաքէն եւ վերջին շրջանին Սուրիայէն հայեր հաստատուած են հոս։ Նոր գաղութ մը ըլլալով հանդերձ հոս տեսայ հայախօս եւ հայկական արժէքներով ապրող գաղութ մը։
Իսկ պատճառնե՞րը։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եկած է Միջին Արեւելքէն։ Ան ազգային, հասարակական ու կուսակցական մեծ գործունէութիւն կը տանի։ Ան ըսաւ. «Անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի բախումը ճամբայ հարթեց որ հայը կառչի իր մայրենիին։ Բայց նաեւ կայ երկրին ընկերային կարգ ու սարքը, որ կը քաջալերէ փոքրամասնութիւնները պահելու իրենց լեզուն եւ մշակոյթը»։
Այս տեսակի երեւոյթներ սկսած եմ տեսնել, երբ տարբեր երկիրներ այցելեմ։ Կ’ապրինք ժամանակներու մէջ, ուր համակարգեր նախանձախնդիր են պահելու ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուն եւ մշակոյթը՝ նկատելով զանոնք երկրին համար հարստութիւն։ Կ’երեւի անցած ենք «մեծ կաթսայի» մէջ «ձուլուելու» ռազմավարութենէն։ Մշակոյթներու պահպանումը սկսած է դառնալ այժմէական եւ առաջնահերթ մտահոգութիւն։
Վահագն Գարագաշեան եկած է Լիբանանէն։ Ան մամուլի գործիչ է։ Անոր տեսանկիւնէն, Մոնթրէալի ազգային փոքրամասնութեան քաղաքացիներու 35-40 տոկոսը կը նախընտրէ խօսիլ իր մայրենի լեզուն։ Բայց այս նոյնքան արդիւնք է Քանատայի դաշնակցային կառավարութեան կողմէ ընդունուած բազմամշակութային օրէնքի ընկալումին։ «Քէպէք նահանգը վերապահութեամբ կը մօտենայ բազմամշակութային գաղափարին՝ վախնալով կորսնցնել ֆրանքոֆոնեան մշակոյթը», ըսաւ Վահագն։ «Անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու եւ մշակոյթներու բախումներուն դէմ ազգային փոքրամասնութիւններ կը նախընտրեն փարած մնալ իրենց մայրենիին», շարունակեց ան։
Եթէ Քանատայի ու յատկապէս Մոնթրէալի այս համակարգի «բախումը» պիտի որակել որպէս «պատուհաս», կը տեսնենք դարձեալ որ այդ կրնայ դառնալ «պատեհութիւն»։ Պատեհութիւնը հայուն, որ այս պատուհասը վերածած է հայակերտումի պատեհութեան՝ ի նպաստ իր ազգային առաքելութեան։
Աւետիս Պագգալեան կու գայ Հալէպէն։ Ան ուսուցիչ է եւ հայ մամուլի սպասարկու՝ որպէս խմբագիր եւ հրապարակագիր։ Աւետիս կը կարեւորէ Միջին Արեւելքէն արտահոսքը դէպի Մոնթրէալ, որ նպաստած է գաղութին հայախօսութեան եւ հայապահպանումին։ «Մոնթրէալահայ գաղութին հայախօս մնալը որոշ ծրագրի կամ յատուկ աշխատանքի արդիւնք չէ, այլ պատահականութեան», ըսաւ ան։ «Միջին Արեւելքի պատերազմները պատճառ դարձան որ նորաստեղծ հիւսիսային ամերիկայի հայ գաղութները օգտուին», շարունակեց Աւետիս։
Բայց Աւետիս կրցաւ «պատահականութիւնը» կամրջել «ինչ կրնանք ընել եւ պէտք է ընել» ընտրանքներուն հետ՝ որպէսզի գաղութը պահէ իր ազգային դիմագիծը։ Ան համոզուած է որ «շատ բան պէտք է ընել, որպէսզի հայախօսութիւնը եւ հայապահպանումը պատահականութեան ենթակայ չդառնան»։
«Շատ բան պէտք է ընել»։ Ճիշդ է Աւետիսը։
Մհեր Գարագաշեան եկած է Լիբանանէն։ Ան ազգային, հասարակական ու կուսակցական գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ նաեւ կրթական առաքելութեան նուիրեալ մըն է, որպէս ուսուցիչ։ «Հայկական վարժարաններ ունենալը գաղութին մէջ շատ կարեւոր է։ Հայախօսութիւնը՝ եթէ ընտանիքներէն կը սկսի, հայ վարժարանը կ’ամբողջացնէ զայն», ըսաւ Մհեր։ «Հայ լեզուի, ինքնութեան, պահանջատիրութեան ու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացը կը դրոշմուի հայկական վարժարանի մէջէն ու միջոցաւ», շարունակեց Մհեր։
Լորի Ապրաքեան Սուրբ Յակոբ երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհին է։ Ան ծնած է Մոնթրէալ։ Իր ծնողքը եկած է Պէյրութէն։ Հայկական առօրեայ դպրոց չէ յաճախած։ Լորին սորված է մայրենին շաբաթօրեայ վարժարանի միջոցաւ եւ այսօր կրթական առաքելութեան նուիրեալ մըն է։ Լորիին հետ կը շրջագայէինք իր բոլոր կարելիութիւններով գեղեցիկ հայ վարժարանին մէջ։ Դպրոցը օժտուած է ներկայ ժամանակներու կրթական կարելիութիւններ ստեղծող արդիական համակարգով։ «Կարեւոր է որ հայերէն լեզուն հաճելի դառնայ պզտիկին ու պատանիին», ըսաւ Լորի։ «Մեր լեզուն դժուար է, բայց պէտք է սիրցնենք», շարուակեց ան։
Դպրոցի կրթական ծրագիրը տեղական է, բայց անոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն լաւագոյն արդիական ուսուցմունքներով դաստիարակելու աշակերտները՝ ներառեալ մայրենի լեզուին ուսուցումը։ «Խօսակցական հայերէնին շատ կարեւորութիւն կու տանք։ Կը ջանանք նաեւ հայերէնի ուսուցումը հաւասարեցնել ֆրանսերէնի։ Ֆրանսերէնի համար հինգ գիրքեր պէտք է կարդալ՝ հայերէնի համար երեք։ Կամաց-կամաց կը փորձենք կամրջել երկու լեզուներու ուսուցումի միջոցառումները», բացատրեց ան։
Լորիին հետ շարուակեցինք շրջագայիլ դպրոցի դասարաններուն եւ խաղավայրերուն մէջ։ Կանգ առի խումբ մը հայ աւարտական կարգի աշակերտներու մօտ եւ միասին զրուցեցինք հայերէնով։ Հրաժեշտ առնելէս առաջ անոնց հարցուցի. «Հայերէնը կը սիրէ՞ք»։ Պատասխանները եղան կարճ եւ հաստատ. «Շա՜տ»։ Շա՜տին մէջ կար զգացում, սէր եւ նուիրում։ Ու տակաւին հպարտութիւն։ Շա՜տին մէջ տեսայ հայակերտումի եւ մարդակերտումի առաքելութեան արդիւնքը եւ յաջողութիւնը։
Սուրբ Յակոբ վարժարանը ունի մօտաւորապէս հազար հայ աշակերտ։ Ու տակաւին կան աշակերտներ, որոնք կը սպասեն իրենց հերթին։ «Եթէ դպրոցը վերցնենք, գաղութը կը մեռնի», ըսաւ Լորին համոզուած շեշտով։ «Դպրոցը կ’արտադրէ այն՝ ինչ որ գաղութը պէտք ունի։ Մեր ապագայ ղեկավարները հայ դպրոցէն կ’ելլեն»։ Լորին ճիշդ է իր տեսլականին մէջ։ Հայ դպրոցը կը դարբնէ հայ անհատը ու կը պատրաստէ հայուն առաջնորդները։
Մոնթրէալ մեծ քաղաք է։ Շատ են հայ ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակները չեն կրնար հայկական ամէնօրեայ դպրոց ղրկել։ Բայց շաբաթօրեայ վարժարանը՝ նոյնինքն Սուրբ Յակոբի շրջափակին մէջ, մէկ այլ լաւագոյն ապացոյցն է, թէ հայը կը սորվի ու կը պահէ մայրենին՝ ամէնօրեայ թէ շաբաթօրեայ դպրոցներուն միջոցաւ։
Շողիկ Ազարիկեան եկած է Հալէպէն։ Շողիկը եւ իր նուիրեալ ուսուցչական կազմը՝ բոլորն ալ սիրողական, հայ մանուկ-
պատանիներուն կը ջամբեն հայեցի դաստիարակութիւն իւրաքանչիւր շաբաթ օր։ Մէկ ժամ տեւողութեամբ վայելեցի ու տակաւին ապրեցայ հոգեկան լիցքաւորումի պահ մը, երբ մտիկ ըրի աշակերտներուն երգը եւ արտասանութիւնները բայց նաեւ հաճելի զրոյցը, որ ունեցայ անոնց հետ։ Եթէ հարց-պատասխանի նման ժամանակ մը ունեցայ, նոյնքան ալ տեսայ հայ պատանիին ուշիմութիւնը եւ թէ ան ինչքան գիտակ է սորվելու։ Շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ անոնք կը սորվին հայերէն, պատմութիւն, մշակոյթ եւ կրօն։ Եթէ մէկ կողմէ տեսայ աշակերտներուն խանդավառութիւնը, միւս կողմէ՝ հայ ուսուցիչներուն նուիրական ծառայութիւնը։ Հայակերտումը եւ հայապահպանումը կարելի չէ առանց մեծ զոհողութիւններու։
Սփիւռքահայ այս մեծ խճանկարին մէջ Մոնթրէալի հայ գաղութը տուաւ մէկ կարեւոր օրինակ մը՝ հայապահպանումի եւ հայակերտումի։ Սփիւռքը գունաւոր է, տարբեր եւ այլազան։ Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր ապրելու եւ տոկալու գրաւականը։ Պայմանները նոյնպէս կը փոխուին իւրաքանչիւր գաղութի հետ։ Բայց կարելի է սորվիլ ու տակաւին կամրջել մէկ գաղութի փորձը միւսին հետ։
Սփիւռք(ներ) ենք. ունինք քաղաքական, ընկերային ու քաղաքացիական տարբեր երեւոյթներ՝ մեկնելով մեր ապրած երկիրներու տեղական պայմաններէն։ Այս ընդհանուր ենթահողերուն մէջ կայ միացնող օղակ մը, իմա՝ առաքելութիւնը։
Սփիւռք (ներ)ը անցողակի վիճակէն անցած են մնայուն կարգավիճակի։ Այս պիտի նշանակէ, թէ բոլորս պիտի լծուինք հայակերտումի եւ հայապահպանումի մեծ առաքելութեան։ Այս վերջինը սփիւռք(ներ)ու առաքելութիւնն է եւ անխուսափելի պարտականութիւնը իւրաքանչիւր գաղութի։ Եթէ մայրենին վտանգուած է, այս պիտի նշանակէ որոնել միջոցներ որպէսզի պահենք եւ վերապրեցնենք զայն։
Իսկ պահելու եւ վերապրեցնելու համար կան քանի մը կարեւոր հիմքեր։ Առաջինը՝ հայ դպրոցը։ Յակոբ Տէր
Խաչատուրեանն է. «Փախտաւորուած ենք, որ լաւ հայկական դպրոց ունինք»։
Պիտի համոզուինք, որ հայ ընտանիքէն ետք հայ դպրոցը անհրաժեշտութիւն է մայրենի լեզուի պահպանումին ու հայակերտումի մեծ առաքելութեան մէջ։ Պիտի փորձենք խուսափիլ վարժարան փակելու քաղաքականութենէն, որքան ալ ճգնաժամային ըլլայ դպրոցի մը բարոյական եւ նիւթական պարտաւորութիւնները «շալկել»-ը։
Եւ դարձեալ Մոնթրէալ։ Մհեր Գարագաշեանն է. «Ամէն ինչ կ’ընենք որ ժամանակին հետ քայլ պահենք։ Եկեղեցի, դպրոց եւ հայ կեդրոն՝ այս եռեակ գործիքակազմը կ’աշխուժացնենք, որովհետեւ ան է մեր հիմքը հայակերտումի եւ նոր սերունդ յառաջացնելու գրաւականը»։
Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան Քանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդն է, Էջմիածնի Կաթողիկոսութիւն։ Մեր հանդիպումին ընթացքին, սրբազան հայրը խօսեցաւ հոգեւոր եւ քրիստոնէական արժեչափերու մասին եւ մատնանշեց որոշ մտահոգութիւններ. «Արեւմտեան ապակրօն ուսուցմունքներ եւ նոր արժեչափեր արդէն Քանատան ընդգրկած են եւ անոնք սկսած են մուտք գործել հայկական իրականութենէն ներս», ըսաւ սրբազան հայրը։ Աբգար սրբազան կ’ակնարկէր սեռային դաստիարակութեան դպրոցներուն մէջ եւ անոր ազդեցութեան ընտանեկան կառոյցներուն վրայ։ «Մենք դէմ յանդիման ենք այս նոր ուսուցումներուն, որոնք կը ներմուծուին հայկական իրականութիւններուն մէջ։ Եկեղեցին որքա՞ն պիտի կարենայ հանդուրժել եւ դիմադրել այս իրականութիւնները։ Այս լուրջ մտահոգութիւն է մեզի համար»։
Եթէ հայակերտումի համար լեզուն եւ մշակոյթը անհրաժեշտ են, հայակերտումի անքակտելի մասնիկն է նաեւ մեր քրիստոնէական հաւատքը ու անոր ուսուցումը։ Ներկայ օրերու նոյնքան մեծ մտահոգութիւնն է այս նոր ալիքը, զոր դիմագրաւելու համար պէտք ունինք մեր եկեղեցիներուն եւ բոլոր ազգային միաւորներու ուժեղացումին։
Մոնթրէալի հայ գաղութը անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու բախումին առջեւ է։ Գաղութը այս բախումի մէջէն կրցած է պատուհասը վերածել պատեհութեան։ Պատեհութիւն, ուր ստեղծուած իրավիճակը կարելի է օգտագործել՝ պահելու մայրենին ու զօրացնելով հայկական կառոյցները։
Պիտի պահենք հայ դպրոցը։ Պիտի պահենք հայկական կառոյցները։ Եւ պիտի ուժեղացնենք զանոնք։
Պիտի խօսինք անգլերէն։ Պիտի խօսինք ֆրանսերէն ու տակաւին այլ լեզուներ, ինչպէս որ պէտք է եւ ստիպուած ենք՝ մեկնելով մեր սփիւռքեան իրավիճակներէն։
Բայց պիտի պահենք մայրենին։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան