Կարեւոր ժամադրութեան համար մտահոգ մարդը պարտաճանաչ է։ Քննութիւնը լաւ դիմելու նպատակով մտահոգ աշակերտը լաւագոյնին ձգտող է։ Ճամբորդութեան համար օրե՜ր առաջ անհրաժեշտ թուղթերուն ժամկէտը ստուգողը բծախնդիր է։ Ուրեմն նմանօրինակ պարագաներուն մտահոգութիւնը կը մղէ գործի լծուիլ, անտարբեր չմնալ, կամ անփոյթ կեցուածք չունենալ։ Այս մտահոգութիւնները ժամանակաւոր են, եւ ո՛չ նկարագրային խառնուածքի արտայայտութիւն։ Հոգեբանները եւս կ’ըսեն թէ կարելի է որոշ չափով մտահոգուիլ, որպէսզի մարդը պարտականութիւնները յանձն առնելու եւ իր պաշտօնը կատարելու պատրաստակամ ըլլայ՝ հեռու մնալով անտարբերութենէ եւ ծուլութենէ։
Իսկ անբնական ձեւով  մտահոգուիլը վնասաբեր է։ Օրինակ՝
Կան մարդիկ, որոնք տարեվերջին կը սկսին պատկերացնել թէ ի՛նչ պիտի  պատահի գալիք տարին։ Ուստի նախատրամադրուած հոգեվիճակով ենթադրութիւններ կ’ըսեն։ Այստեղ մտահոգութիւնը չափազանցութիւն է, որուն հետեւանքով շատեր կը դիմեն բախտագուշակներուն, ինչ որ թերահաւատութիւն է եւ շինծու հաւատալիքներուն կարեւորութիւն տալու խաբէական մտայնութիւն։
Կան մարդիկ, որոնք երբ մահուան մասին մտածեն, մտահոգութիւն կ’ունենան։ Վախի զգացումին հետեւանքով, խղճի խայթի կամ յաւիտենականութեան նկատմամբ անգիտութեան պատճառով կը սկսին վախի ազդեցութեան տակ մնալ եւ անյոյս վիճակով կը սահմանափակեն իրենց մտահորիզոնը։ Ինչքան իմաստալից է Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքերը. «Ուրեմն ի՞նչ. անոնք որոնք Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան՝ կորսուա՞ծ են ընդմիշտ։ Եթէ այդպէս է, եւ միայն այս կեանքին համար յոյս դրած ենք Քրիստոսի վրայ, մարդոց մէջ ամէնէն խղճալիներն ենք»(Ա.Կր 15.18-19)։
Կան մարդիկ, որոնք ուրիշներով կը մտահոգուին։ Այսինքն իրենց շրջապատին իրավիճակը կամ եղած անցուդարձերը սերտողութեան նիւթ են։ Ասիկա տարօրինակ հետաքրքրասիրութեան պատկեր մըն է։ Այս խմբաւորումին պատկանողները ուշադրութիւն կը դարձնեն մարդոց ապրելաձեւին, նորութիւններ կը փնտռեն, երեւոյթով կը դատեն, սուր կերպով կը քննադատեն եւ ժամանակը կը վատնեն դատարկ խօսակցութեամբ։
Մարդկային մտածողութիւնը առանց  խղճմտանքի միջամտութեան եւ բարոյական օրինաչափութեան կրնայ որեւէ միտք մտահոգութեան վերածել։ Հարկ է առիթ չտալ մտքին՝ անիմաստ համեմատութիւն կատարելու եւ առանց համոզիչ տուեալներու եզրակացութեան հասնելու։ Վատառողջ մտայղացումներու, բարդ պատկերացումներու եւ սխալ տեղեկութիւններու պատճառով մարդը յաճախ աննշան հարցերը կը վերածէ բարդ խնդիրի։ Ուստի մտահոգութիւնը ժամանակի թաւալումով ճիշդ կողմնորոշուելու արգելք կը հանդիսանայ։
Կեանքի տարօրինակ փոփոխութիւնները, անսպասելի դէպքերը, դժուար կացութիւնները եւ չարին հնարքները մեզ կը յոգնեցնեն, յոգնութիւնը կը բազմապատկուի երբ հոգերու վերածենք շփոթեցուցիչ մտածումները։ Մտածումները մտահոգութիւն պէտք չէ դառնան։ Աւետարանը կը սորվեցնէ միտքով պայքարիլ, այսինքն խստիւ մերժել մեղքի առաջնորդող գաղափարները, գայթակղութեան միջոց եղող պիղծ խորհուրդները, Աստուծոյ կամքին հակառակ համարուող համոզումները։
Կարելի է ամփոփել մտահոգութեան կարգ մը պատճառները։
1.-Մեղքերը։ Երբ մեղաւորը ծածկէ իր մեղքերը, չխոստովանի, ինքնարդարացման դիմէ՝ անհանգստութիւն պիտի զգայ։
Մեղքը բեռ է, ան կրկնապատիկ կերպով կը ծանրանայ՝ եթէ խոստովանութիւնը յետաձգենք։ Մեղաւորը հաւանաբար թաքուն մեղքերու բացայայտման վախով տառապի։ Այսպիսի հոգեվիճակէ տառապողին յարմարագոյն լուծումը ապաշխարութիւնն է, որպէսզի Աստուծմէ մեղքերու թողութիւն ստանայ եւ խոստովանահայրի դիմէ՝ հոգեւորապէս աճելու եւ աստուածահաճոյ կեանք ապրելու նպատակով։
2.- Ձախողութիւն։ Ինչքան ալ յաջողութիւն գտնելու դժուարութիւն ունենանք, պէտք չէ յուսահատինք։ Ձախողութիւնը առիթ է ինքնաքննութեան, եւ ո՛չ ընկճուածութեան։ Ձախողութիւնը միջոց է դասեր քաղելու, եւ ո՛չ ծայր աստիճան ափսոսալու։
Ձախողութիւնը նաեւ հրաւէր է Տիրոջ շնորհքին ներգործութեամբ գործելու եւ գործակցելու։
Լուծումը Աստուծոյ վստահութիւն ցուցաբերել է։ Առաքեալը այս առումով կ’ըսէ.
«Ձեր կրած փորձութիւնները մարդկային սահմաններէն դուրս փորձութիւններ չեն։ Բայց վստահեցէ՛ք Աստուծոյ. անիկա թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, այլ` փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենաք տոկալ» (Ա.Կր 10.13)։
3.- Մտավախութիւն։ Վախը յոյսի նշոյլ փնտռելու եռանդը կը սպառէ, հրաշք սպասելու հաւատքը կը տկարացնէ, պայքար մղելու կամքին զօրութիւնը կը դիմադրէ, մեղքերը խոստովանելու որոշումէն ետ դառնալ «կը թելադրէ»։
Մանկութեան օրերէն հասած վախի հետքեր ալ կան, որոնք մնացած են շատե՜րու ներաշխարհը։ Խորազգաց երեւոյթի կամ տխրահռչակ դէպքի որպէս բնական ազդեցութիւն։
Լուծումը՝ Աստուծոյ խոստումներուն կառչիլ եւ Քրիստոսի անսահման զօրութեան ապաւինիլ։
«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33)։
Ուրեմն Քրիստոսի հետեւողը վերանորոգ թափով, անխախտ յոյսով, հաստատուն հաւատքով եւ յաղթելու կամքով կ’ապրի, քանի խոստումը վաւերական է, պատգամը՝ Տէրունական, կանչը՝ յուսադրական եւ ուղին ելքն է փրկութեան։
Ահա թէ ինչո՛ւ առաքեալը կ’ըսէ. «Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց» (Փլպ 4.13)։
4.- Տեղեկութիւնները։ Բազմաթիւ տեղեկութիւններ կը ստանանք լրատուամիջոցներու ճամբով, զեկոյց, ծանուցում, վերլուծում, պարզաբանում։ Լուրերու ծովածաւալ աշխարհին մէջ ընկղմելու վտանգին կ’ենթարկուի մարդը։ Նոյն դէպքին մասին հազարաւոր տեղեկութիւններ կան, երբեմն չարափոխուած, երբեմն չափազանցուած, ինչ-ինչ նպատակներու համար հանրութեան ուշագրաւ կերպով ներկայացուած։ Փորձագէտներու եւ մասնագէտներու ստոյգ հաղորդագրութիւնները, միտք պղտորող յայտարարութիւնները եւ որոշ աղբիւրներու նախատեսուած ենթադրութիւնները բաւարար են մտահոգութեան մթնոլորտը ստեղծելու։
Այս պարագային մարդը հետամուտ ըլլալու է նուազ զգացական մօտեցումով իմանալու վերջին նորութիւնները, այլապէս եղած լուրերէն խորապէս ազդուելով խաղաղ առօրեան պիտի խանգարէ, ստանձնած գործը բծախնդրութեամբ պիտի չկատարէ եւ միտքը չար գաղափարներով պիտի թունաւորէ։ Ամէն լուր «հալած իւղի պէս պէտք չէ կլլել» Առաքեալը կ’ըսէ. «Ամէն բան քննեցէք, բարիին կառչեցէք» (Ա.Թս 5.21)։
Լուծումը՝ աղօթել եւ Աստուածաշունչ կարդալ։
Աղօթքը ազդու միջոց է հոգերէն ազատելու, Տիրոջմէ մտքի հանգստութիւն եւ հոգիի խաղաղութիւն վերստանալու, երկնային շնորհքով պայծառանալու եւ իմաստութեամբ ապրելու։
Իսկ Աստուածաշունչը մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ հաւատքով եւ յոյսով զինուելու սրբաշող ճանապարհը։
Եկեղեցական մը ըսած է. «Կայ մեծ յոյս մը ամենամեծ մեղաւորին, որ Սուրբ գիրք կը կարդայ։ Կայ Մեծ վտանգ մը մեծագոյն սուրբին, որ Սուրբ Գիրք չի կարդար»։
Հոգը յանկարծակի յայտնուող վիճակ չէ, այլ ժամանակի ընթացքի մտատանջող գաղափարներու անախորժ ներկայութեան վատ հետեւանքն է։
Մեր հոգը Տիրոջ յանձնենք, Ան հայրաբար օգնական պիտի ըլլայ մեզի, որպէսզի մեր բեռը թեթեւնայ, սիրտը ուրախանայ, միտքը պայծառանայ, հոգին գեղեցկանայ եւ կեանքը վայելչանայ։
(Շար. 2)
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան