«Էրմէնի Հապէր»- Կապանի մէջ ընթացող «Հայաստան-Իրան. համագործակցութիւն եւ հեռանկարներ» խորագրով փորձագիտական աշխատաժողովի շրջագիծէն ներս Ermenihaber.am-ին թուրք-իրանական յարաբերութիւններու վերաբերեալ մեկնաբանութիւն տուած է Իրանի IRAS հետազօտական կեդրոնի փոխնախագահ Տաւուտ Քիանին։
-Պրն. Քիանի, ըստ ձեզի ներկայիս ի՞նչ փուլի մէջ են թուրք-իրանական յարաբերութիւնները։
-Թուրքիա կը մնայ Իրանի կարեւոր գործընկերներէն մեկը։ Մենք շատ կազմակերպութիւններ ունինք, որոնք, երբ Իրանի մէջ չեն կրնար կայանալ, Թուրքիոյ մէջ կը ծաւալեն իրենց գործունէութիւնը։ Ասոր պատճառը այն է, որ Իրանի մէջ անոնց գործունէութիւնը կրնայ պատժամիջոցներու տակ յայտնուիլ։ Այն ներկրումները, որոնք չենք կրնար ուղղակիօրէն իրականացնել, Թուրքիոյ միջոցով կը կատարենք։ Մենք նաեւ ընդհանուր քրտական հարց ունինք Թուրքիոյ հետ, քանի որ Իրանի արեւելեան մասին մէջ քիւրտեր կ’ապրին եւ անոնք Թուրքիոյ, Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ համար ընդհանուր հարց են։ Այս հարցը Իրաքի ու Թուրքիոյ հետ կը համակարգենք։
Միւս հարցը կը վերաբերի Ատրպէյճանին։ Եթէ յանկարծ Իրանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները սրին, ատիկա անպայման ազդեցութիւն կ’ունենայ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վրայ։
Թուրքիա նաեւ շատ գրաւիչ ուղղութիւն է զբօսաշրջութեան առումով։ Եթէ չեմ սխալիր Իրան հաւանաբար 3-րդ կամ 4-րդ տեղը կը գրաւէ, որուն քաղաքացիները կ’այցելեն Թուրքիա։ Իրանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները այս առումով շատ յատուկ են տարբեր ոլորտներու մէջ։ Մենք Թուրքիոյ հետ ոչ ընկերական, բարեկամական սերտ յարաբերութիւններ ունինք, բայց նաեւ չենք ալ փափաքիր, որ այդ յարաբերութիւնները մրցակցային դառնան։ Կան բարեկամական եւ մրցակցային ընդհանուր միախառն յարաբերութիւններ։
-3+3 տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի շրջագիծին մէջ ինչպէ՞ս կը գնահատէք թուրք-իրանական յարաբերութիւնները։
-Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ, ինչպէս գիտէք այդ միջանցքի հարցով եւս բանակցութիւններ կը վարենք ու կը համակարգենք մեր աշխատանքը։ Այդ հարթակը անհրաժեշտ է հայեացքները հասկնալու համար։ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի մօտեցումները կրնան տարբեր ըլլալ, այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է, որ նոր մրցակցային իրավիճակ չստեղծուի։ Հետեւաբար ալ պէտք է այդ տեսակէտները համակարգել եւ ընդհանուր համագործակցութեան ուղիով շարժիլ։
2020 թուականէն ետք, Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ Ատրպէյճանի հետ գործակցութեան առումով մեծցած է։ Թուրքիա Հարաւային Կովկաս թափանցած է, իսկ Իրանն ու Ռուսիան այդ ամէնը վերահսկելու համար կը փորձեն գործակցութեան ուղիներ գտնել։ Կարեւոր հանգամանք է նաեւ այն, որ յաջորդ 3+3 հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Իսթանպուլ եւ այս հանդիպումով պայմանաւորուած (ես այդ կէտը կ’առանձնացնեմ) կը բարձրանայ նաեւ այս ձեւաչափի նշանակութիւնը։
Ես այս համաժողովի ընթացքին ալ շեշտեցի, որ Իրան, Ռուսիա եւ Հայաստան պէտք է նաեւ առանձնաբար գործակցին։ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի գործակցութիւնը աւելի սերտ է եւ անոնք իրենց գործողութիւններուն մէջ համակարգուած ընդհանուր մօտեցումներով կ’առաջնորդուին։ Ու հակառակ անոր որ Վրաստան մեծ փափաք չունի այս ձեւաչափին մասնակցելու, բայց այդպիսի համագործակցութիւն ունի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ։ Եթէ Իրան, Հայաստան եւ Ռուսիա կը համագործակցին նոյն ձեւաչափով, Թուրքիա կը հիւրընկալէ զիրենք։ Իմ կարծիքով, եթէ այս ձեւաչափը գործէ, մենք հարց չենք ունենար տարածաշրջանի խաղաղ համակեցութեան առումով եւ հարց չի յառաջանար արեւմտեան երկիրները տարածաշրջան ներգրաւելու։ Այսինքն տարածաշրջանային հարցերը կը լուծուին ընդամէնը տարածաշրջանին մէջ։