Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Իրանի պաշտօնական դիրքորոշումը արդէն իսկ ներկայացուած է Իսլամական
Յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սեյետ Ալի Խամինէիի կողմէն, որուն համաձայն, այնտեղի հայ բնակիչները իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց տուները, եւ անոնց իրաւունքները, կեանքն ու ունեցուածքը պէտք է յարգուին ու պահպանուին։

«Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցին մէջ, անդրադառնալով 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուած զինուորական յարձակումին եւ անոր հետեւանքով տեղւոյն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման, միջազգայնագէտը յիշեցուց Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սեյիտ Ալի Խամինէիի յայտարարութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց տուներուն, եւ անոնց իրաւունքները պէտք է յարգուին:
«Մենք կը հաւատանք, սակայն, այդուհանդերձ, մենք ատիկա իրականացնելու համար գործիքներ չունինք: Եւ ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի կառավարութեան պարտականութիւնն է պաշտպանել այդ մարդոց, օրինակ, դիմել միջազգային դատարաններ, օգտագործել միջազգային իրաւունքն ու կանոնները, բողոքներ ներկայացնել, ստիպել Ատրպէյճանի կառավարութեան յարգել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները։ Սա է Իրանի դիրքորոշումը», ընդգծեց Էհսան Մովահետիան:

19 Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճան զինուորական յարձակում իրականացուց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ, որ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար հայերու բռնի տեղահանման։ Ատրպէյճանական յարձակումին հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն մեծ մասը հաստատուած է Հայաստանի մէջ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը անգամ յայտարարած է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ իրատեսական չի համարեր ԼՂ հայերուն վերադարձը իրենց տուները։