Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզէշքեան յետաձգած է իր այցելութիւնը Ատրպէյճան, որ նախատեսուած էր յաջորդ շաբաթ՝ մասնակցելու Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային համաձայնութեան (COP29) համաժողովի 29-րդ նստաշրջանին, յայտնած է «Իրանցի Լրագրողի Օրագիրը» թելեկրամեան ալիքը։ «Կը մօտենայ սիոնիստներուն դէմ գործողութիւնը…», գրած է աղբիւրը։