(Սուրիոյ ֆութպոլի «մումթազ» դասակարգի առաջին ախոյեանութեան նուաճում
1964-1965-ին)
(Բ. Մաս)
Բ. կիսախաղին մրցումին պատկերը զգալիօրէն բարեփոխուեցաւ: ՀՄԸՄ-ի եղբայրներուս հետ մէկական կատաղի առիւծի վերածուած, դաշտին մէջ տիրական ներկայութիւն դարձած, ներդաշնակ խաղարկութեամբ, կազմակերպուած խոյանքներով, տեղատարափ անձրեւի նման ռմբակոծեցինք հակառակորդին բերդը, անակնկալի ու շփոթի մատնելով Սուրիոյ Բանակի (Ճէյշ) խումբի մարզիկները, որոնք անել կացութեան մատնուեցան:
Այս տպաւորիչ ու բարեբեր երթը շարունակուեցաւ մինչեւ խաղի 20-րդ վայրկեանը, երբ ՀՄԸՄ-ի յետսապահ գիծի սիւներէն Մորիս Ֆաքըս մեծ վարպետութեամբ յաջողեցաւ 30 մեթրէն ազատ ուղղակի հարուածը իր նպատակին հասցնել՝ ցնցելով բերդը, բերդապահը եւ Բանակի խումբը ու նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Հաւասարութեան կոլէն ետք, դաշտը որոտաց ազգային երգերով. բացագանչութիւններու դղրդիւնը կը լսուէր ամէն կողմ: Մեր եռանդը, յաղթելու վճռակամութիւնը կը բազմապատկուէր, մեր ժողովուրդին երազը իրականացնելու տենչը մեր հոգիներուն ու մտքերուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէր:
Հաւասարութեան գեղեցիկ ու խրախուսիչ կոլէն ետք, դաշտին վրայ Բանակի խումբին ազդու ներկայութիւնը խամրեցաւ: ՀՄԸՄ-ի աննման եղբայրներուս հետ շարունակեցինք մեր կազմակերպուած յարձակումները եւ անդադար վտանգեցինք Բանակի խումբին բերդը, սակայն բերդապահը եւ բերդին սիւները յաջողեցան առաջքը առնել այս բոլոր վտանգներուն մինչեւ մրցումին աւարտը, երբ վրայ հասաւ իրաւարարին օրհնաբեր սուլիչին ձայնը, աւետելու մրցումին վախճանը եւ տպաւորիչ կերպով լսելի դարձնելու յաղթանակին ղօղանջը՝
ՀՄԸՄ Նատի ալ-Սուրի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ֆութպոլի «մումթազ» դասակարգի առաջին ախոյեան:
Ազգային երգերը, պարերը, մեր համակիրներուն բացագանչութիւնը, ծափահարութիւնները առաւել ջերմացուցին մթնոլորտը, թնդացուցին նոյնիսկ դաշտին քարերն ու պատերը, եւ մենք ախոյեանութեան ուրախութենէն գինովցած կը պարէինք, զիրար կ’ողջագուրէինք եւ մեր անսահման ուրախութիւնը կ’արտայայտէինք:
ՀՄԸՄ-ի հաւատաւոր համակիրները «Յառաջ, նահատա՛կ ցեղի անմահներ» քայլերգով առաւել կը հարստացնէին դաշտի ջերմ մթնոլորտը ու իրենց երախտագիտութիւնը, արդար հպարտութիւնը, ջերմ սիրոյ ու շնորհակալութեան ճշմարիտ զգացումները կը յայտնէին ախոյեան եղբայրներուն:
Այս բացառիկ մթնոլորտին մէջ երկու խումբերը իրաւարարներու գլխաւորութեամբ պաշտօնապէս բեմ բարձրացան։ ՀՄԸՄ-ի անզուգական խմբապետ եղբ. Անդրանիկ Սիւլիւքճեան անսահման ուրախութեամբ բարձրացուց ախոյեանութեան բաժակը: Դաշտը կրկին բռնկեցաւ. ՀՄԸՄ, ՀՄԸՄ Նատի ալ-Սուրի բացագանչութիւնները կը լսուէին ամէն կողմ եւ կը յագեցնէին մեր ժողովուրդին ծարաւ սրտերը:
Կարճ ժամանակ ետք, աւարտական այս մրցումը հովանաւորող Հարաւի շրջանի զինուորական ղեկավարը դաշտ ներկայացաւ, անձամբ մէկ առ մէկ շնորհաւորեց բոլոր խաղցողները եւ գնահատանքի ու յաջողութեան իր խօսքը ուղղեց:
Ընդառաջելով շրջանի քաղաքական հայ պատասխանատուներու, ՀՄԸՄ-ի վարչութեան եղբայրներու եւ գաղութի մեր սիրելիներու հրաւէրին ու փափաքին, դաշտէն անմիջապէս ուղղուեցանք դէպի Դամասկոսի ՀՄԸՄ-ի ակումբ, Պապ Թումա շրջան։ Հարազատներու հոծ բազմութիւն մը ողողած էր դէպի ակումբ տանող ճամբաները։ Մեր ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ, ծափահարութիւններով եւ ծաղիկներով դիմաւորեց ախոյեան խումբի հերոսները:
Ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն. բաժակները բարձրացան խմելու ՀՄԸՄ-ի եւ ախոյեան խումբի եղբայրներուն կենացը՝ հարազատ, ջինջ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Արտասանուեցան սրտի խօսքեր, որոնք դրուատեցին այս պատմական իրագործումը՝ նորանոր յաղթանակներ մաղթելով ՀՄԸՄ-ին:
Հասաւ հրաժեշտի պահը, բոլորին աչքերը ողողուեցան երջանկութեան, իսկ հոգիները արդար հպարտութեան ապրումներով։ Կրկին տեսնուելու յոյսով հրաժեշտ տուինք իրարու:
Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ին:
Բիւր սէր, յարգանք եւ երախտագիտութիւն բոլոր անոնց, ի մասնաւորի ֆութպոլի եղբայրներուս, որոնք կուռ հաւատքով, աննկուն կամքով ընդհանրականը անհատականէն վեր դասելու ազնիւ ոգիով ու նպատակով, «բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանի խոր իմաստին հաւատարիմ մնալով նպաստեցին միութեան յառաջընթացին եւ իրենց դրական ներդրումը չզլացան այս հսկայ միութեան գոյատեւման, հզօրացման, պայծառացման եւ յաջողութիւններուն:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
Վերջ
Ճորճիկ Ռաստկելէնեան