Լիբանանի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով շուրջ 2306 նահատակ եւ 10. 698 վիրաւոր արձանագրուած է:
Լիբանանեան լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով Առողջապահութեան Նախարարութեան ենթակայ հանրային առողջապահութեան արտակարգ իրավիճակի կեդրոնին յայտարարութիւնը ըսաւ. «Վերջին 24 ժամուան ընթացքին լիբանանեան շրջաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով 51 նահատակ եւ 174 վիրաւոր արձանագրուեցաւ: Հետեւաբար ընդհանուր զոհերուն թիւը հասաւ 2306-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 10.698-ի մինչեւ Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024»: