Աստուծոյ Ծառայ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Լիբանան կատարած առաջին պաշտօնական այցէն ինիսուն տարի ետք, անոր դագաղը 12 Սեպտեմբերին, MEA օդանաւային ընկերութեան թռիչքով Հռոմէն փոխադրուեցաւ Լիբանան՝ ընկերակցութեամբ Կարտինալ Աղաճանեանի յաջորդներէն` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի, որուն հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր փոխադրումի հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Համաձայն «Վատիկանի լուրեր» լրատուակայանին, օդանաւին մէջ պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Հայր Քարլօ Քալլոնի, որ Աղաճեանեաի սրբադասման դատին Խնդրարկուն է եւ անոր օգնական Հայր Անթուան հատտատ, երկուքն ալ Քափուչին միաբանութենէն, ինչպէս նաեւ Լեւոնեան Ք. Վարժարանի մեծաւոր` Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վ. Գոյումճեան եւ Ծիրանաւորի սրբադասման դատի պատմական յանձնախումբի պատասխանատու` Ալեսսանտրա Սքոթթօ։

Աղաճանեան եղած է հայ ազգի պանծալի զաւակներէն մին՝ իր խոնարհութեամբ ու հեզ նկարագիրով, բայց նաեւ վիթխարի հմտութիւններով ու կարողութիւններով։ Արժանացած է դառնալ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Ծիրանաւոր եւ նոյնիսկ Քահանայապետութեան թեկնածու։ Վարած է Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչի պաշտօնը` (1960-1970), որ այդ շրջանին Քահանայապետութենէն ետքը ամենակարեւոր ու ծանր պատասխանատուութեամբ պաշտօններէն մին էր, Վատիկան քաղաք-պետութեան մէջ, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, որ տակաւին գոյութիւն չունէր Պետական Քարտուղարութիւնը, որ այսօր կը զբաղի դիւանագիտութեամբ եւ «քաղաքական» այլ հարցերով։

Լիբանանի «Ռաֆիք Հարիրի»օդակայան ժամանումին Երջանկայիշատակ Աստուծոյ Ծառային դամբանը ունեցաւ պատուաւոր պաշտօնական հիւրընկալութիւն, ինչպէս վայել է բարձրաստիճան անձնաւորութեան մը, ու օդանաւի ոտքին յատուկ ինքնաշարժով, պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին փոխադրուեցաւ օդակայանի պաշտօնական ընդունելութեան սրահ, ուր ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան եպիսկոպոսներ ու կղերական դասի անդամներ, Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։

Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը նախագահութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, հուսկ բոլորը ուղղուեցան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, ուր նախատեսուած էր Աստուծոյ ծառայ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ.-ին ի պատիւ պաշտօնական հիւրընկալութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 3000-է աւելի հաւատացեալներ, լիբանանի քրիստոնեայ բոլոր համայնքներէն, նաեւ Լիբանանի հանրապետութեան մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներ, քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, քոյր եկեղեցիներու հովուապետեր ու մահմետական համայնքի առաջնորդներ։

Արարողութեան սկիզբը Երջանկայիշատակ Աղաճանեան Կարտինալին դամբանը ամպիոն բերուեցաւ թափօրով։ Հաղորդավարի բացման խօսքէն ետքը, ներկայացումը կատարուեցաւ երջանկայիշատակ
Կարտինալին պատկերասփռուած կենսագրականին։

Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի նուագախումբը՝ նախ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներով, ապա շարականներով ու երգերով, որոնց շարքին յիշենք, «Դու ես Քահանայ յաւիտեան, «Ամէն հայի սրտին բխած» եւ Կարդինալ Աղաճանեանին սրտին խօսող «Կիլիկիա»-ն։

Ժողովրդային հանդիսաւոր ընդունելութեան ընթացքին խօսք առին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Մարոնի Համայնքի Պատրիարք Կարտինալ Պշարա Ռային, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին եւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր Եպս. Պատիշահը: