2 Սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը։ Yerkir.am-ը կը ներկայացնէ այդ խորհրդանշական օրը ընդունուած փաստաթուղթերու բնօրինակները։
Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը հաստատուած է բոլոր մակարդակներու խորհուրդներու պատգամաւորներուն մասնակցութեամբ, ժողովրդական պատգամաւորներու ԼՂԻՄ մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու միատեղ նստաշրջանին մէջ՝ 2 Սեպտեմբեր 1991-ին։
Yerkir.am-ը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանին փաստաթուղթերու բնօրինակները սիրայօժար Yerkir.am-ին տրամադրելու համար։