Այսօր լուսաբացին, լիբանանեան դիմադրութիւնը շարք մը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով մեծ յարձակումի թիրախ դարձուց Պաղեստինի հիւսիսային բռնագրաւուած շրջանին մէջ իսրայէլեան տեղամասերը, զօրանոցները եւ հակահրթիռային համակարգը:

Դիմադրութիւնը յայտարարութեամբ հաղորդեց, որ այս յարձակումը տեղի կ՛ունենայ որպէս նախնական պատասխան Պէյրութի հարաւային արուարձանին վրայ սիոնիստական դաժան յարձակումին, որուն հետեւանքով առաջնորդ Ֆուատ Շուքրի եւ շարք մը կիներ ու երեխաներ նահատակուեցան։

Դիմադրութիւնը դիտել տուաւ, որ յարձակումի առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտած է եւ ճամբայ հարթած վերջնական թիրախին ուղղութեամբ։