Սուրիոյ Խորհրդարանի օրէնսդրական 4-րդ նստաշրջանի նիստի աւարտին, Համմուտա Սապպաղ միաձայնութեամբ խորհրդարանի նախագահ վերընտրուեցաւ:
Փոխնախագահ ընտրուեցաւ Մահէր Հաճճար, խորհրդարանի գրասենեակի քարտուղարներ ընտրուեցան՝ Մուհամմէտ Սաէր ալ-Ճաուհարի եւ Ֆաուզիէ Մաննաա, իսկ խորհրդարանի գրասենեակի դիտորդներ՝ Այման Ահմէտ եւ Ճամալ Սլէյման:
Խորհրդարանի ներքին համակարգին «29» թուակիր յօդուածին համաձայն, գրասենեակին պաշտօնավարութեան միջոցը 1 տարի է, սկսեալ ընտրութեան թուականէն, որմէ ետք նոր գրասենեակի անդամակցութեան ընտրութիւնները կը սկսին:
Այս առիթով, Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ շեշտեց, որ երկիրը վերականգման փուլի մէջ է, հետեւաբար խորհրդարանին վտահուած է նոր պարտականութիւն մը, որն է շարունակել նախորդ փուլերուն ընթացքին սկսած ազգային աշխատանքը՝ ուղղուելով դէպի վերականգնում, հասնելու երկրի ամբողջական բարգաւաճումին: