Լռութենէն ետք, անարտայայտելին արտայայտելու լաւագոյն միջոցը երաժշտութիւնն է:
Ալտըս Հաքսլի
Վերջին տարիներուն, կ’երեւի ազդուած մեզ շրջապատող ժխտական դէպքերէն՝ քորոնայէն սկսած մինչեւ Պաղեստինի անարդար պատերազմը, այս շրջանին Չէութեան, սեւ խոռոչներու եւ երեւոյթներուն «միւս» երեսը տեսնող կամ տեսնել ձգտող գրութիւններ սկսան երեւան գալ մեր գրականութեան մէջ:
Արդեօք ճի՞շդ է «մեր» գրականութիւն ըսելը, երբ եղածը քանի մը անսովոր գրութիւններ են միայն:
Հարցը սակայն այս չէ, այլ այն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ժխտականը բացատրել մանուկի մը մաքուր, անխաթար, եւ հրաշքներու հաւատացող միտքին. ի վերջոյ մէկ կողմէ կայ իր մայր-հրաշքը, միւս կողմէ՝ բազմաթիւ հեքիաթները _կամ անոնց քարթունները _ որոնց մէջ անկարելիին կարելի ըլլալը այնքա՜ն բնական է մանուկին համար:
Տարիներ առաջ ներկայ եղած էի երաժշտական համերգի մը, որ երկու մասերէ կը բաղկանար՝ «Լռութիւն» եւ «Աղմուկ»: Մէկուն մէջ ձայները նուազագոյնի հասեր էին, իսկ լռութեան տրուեր էր լրիւ արժէքը ձայներուն, մինչ երկրորդ բաժնին մէջ ձայներուն առատութիւնը վերածուեր էր աղմուկի, կամ աղմկային երաժշտութեան:
«Ձայնը երաժշտութիւն կը դառնայ նօթաներուն միջեւ եղած լռութիւններուն միջոցով, այլապէս աղմուկ պիտի ըլլար»:
Ճոն Քէյճ (1912-1992) անգլիացի այն երգահանն է, որ լռութեան տուեր է ձայներուն լրիւ արժէքը երաժշտութեան մէջ, միաժամանակ նոր տարածք մը բանալով ունկնդրութիւն հասկացութեան, իր արդէն «դասական» դարձած «4։33» երաժշտական գործով, որ խորքին մէջ 4 վայրկեան եւ 33 երկվայրկեան տեւող լռութիւն մըն է, լեցուած ունկնդիրներուն պատահական ձայներով՝ հազ մը, փսփսուք մը եւ այլն: Այս «երաժշտական» գործը առաջին անգամ կատարուեր է Տէյվիտ Դիւտըր David Tudor դաշնակահարին կողմէ, 1952-ին, Նիւ Եորքի մէջ: Դաշնակահարը կու գայ, կը նստի դաշնամուրին առջեւ եւ ձեռքը առած սեղանի ժամացոյց մը կը սպասէ որ լեցուին այդ 4։33 վայրկեանները …
Երգահանին 1940-ական թուականներուն Զէն Պուտտիզմին հետեւիլն ու «պատահական երաժշտութեան» իր համոզումը կը կանգնին այս գործին ետին եւ կը ստիպեն, որ լռութեան ունկնդիրը իր ամբողջ էութեամբ ուշադրութիւն դարձնէ զինք շրջապատող երեւոյթներուն, մանաւանդ բնութեան վրայ:
Գրեթէ նոյն շրջանին է՝ 1951-ին, որ Robert Rauschenberg-ին՝ ամերիկացի գեղանկարիչին (1925-2008) «Սպիտակ Գեղանկարներ»-ը կը ցուցադրուին. այնտեղ եւս լռութիւնը, կամ պարապը ունին կարեւոր դեր, դիտորդին ուշադրութիւնը սեւեռելու համար շրջապատին եւ անոր ունեցած ազդեցութեան գեղանկարին վրայ, որ ըստ լոյսի գոյութեան եւ անոր ուղղութեան, կրնայ տարբեր երեւիլ դիտողին համար:
Այսօր սակայն այս մօտեցումը՝ լռութեան եւ պարապին հանդէպ, մոռացութեան տրուած է. առօրեայով տարուած չենք անդրադառնար, որ մեր կեանքը աղմուկով լեցուած է, մանաւանդ՝ անիմաստ աղմուկով, որ ոչինչ կ’աւելցնէ մեր հոգեկան կեանքին, ո՛չ խաղաղութիւն, ոչ ալ բարձրացում դէպի աւելի լաւը:
Չափահասները հասու են այս իրականութեան, կը փորձեն իրենց առօրեային աղմուկը ձեւով մը հաւասարակշռել
աշխատանքէն ետքի ժամերուն խաղաղ լռութեամբ. բայց փոքրերուն համար, մանաւանդ անոնց, որոնք թուայնացած ամէն բանի մոլին դարձեր են, աղմուկի վարժութիւնը կրնայ ախտի վերածուիլ եւ յոռի հետեւանքներ ունենալ:
Սիմֆոնիք համերգի մը ելոյթներէն մէկուն աւարտին, երբ ունկնդիրները կարճ պահ մը տակաւին կը մնան տակը իրենց կրած տպաւորութեան, ծափահարութիւններէն անմիջապէս առաջ, քար լռութեան մէջ կը լսուի փոքրիկի մը յստակ ձայնը՝ Wow …
Այնքան տպաւորիչ այս կանչին տէրը գտնելը երկար կը տեւէ, բայց ի վերջոյ ի յայտ կու գայ, թէ ան տասը տարեկան autistic մանչ մըն է, ընդհանրապէս լուռ: Եւ որովհետեւ միշտ լուռ է, չի խօսիր, առաջին այս տպաւորութիւնը կը ստիպէ զինք խօսիլ: Ինչո՞ւ կը յիշեմ այս միայն վերջերս պատահած դէպքը. պարզապէս ըսելու համար, թէ յաճախ պէտք ունինք լռութեան, գնահատել կարենալու համար մեզ շրջապատող ձայները, անոնց միջեւ եղած տարբերութիւնները գիտնալու
եւ ընտրութիւն կատարելու համար: Ունակութիւն մը, զոր պէ՛տք է փոքրերուն փոխանցել, սորվեցնել:
Գրագէտ Նիքըլըս Տէյ (Nicholas Day) եւ նկարիչ Քրիս Ռաշքա (Chris Raschka) Ապրիլ 2024-ին շունչ տուած են Ճոն
Քէյճի այս «լուռ» յեղափոխութեան եւ փոքրերուն համար հրատարակեր են 40 էջանի պատկերագիրք մը, որ կը ներկայացնէ այդ «երաժշտութիւնը», «ՈՉԻՆՉ. Ճոն Քէյճ եւ 4:33» խորագրով:
Ոչինչը ձայն ունի՞, ինչպէ՞ս կը հնչէ:
Երբ ոչինչի մասին խօսինք, արդէն «ինչ»-ի մը մասին խօսած կ’ըլլանք, ճիշդ լռութեան պէս, որուն մասին երբ խօսինք, ա՛լ լռութիւն չի մնար …
Այդ ոչինչին մէջ ի՞նչ կրնանք լսել:
Կրնանք լսել անձրեւը որ կը տեղայ,
Ծառը որ կը սօսափէ,
Կատուն որ կը նվնվայ,
Մարդիկ որոնք կ’երթան-կու գան …
Հետեւաբար «ոչինչ»-ը երբ լսենք, բան մը լսած կ’ըլլանք անպայմա՛ն:
«Ի՞նչ է երաժշտութիւնը:
Ի՞նչ է լռութիւնը:
Կրնա՞յ լռութիւնը երաժշտութիւն ըլլալ:
Երաժշտութիւնը կրնա՞յ լռութիւն ըլլալ»:
Ասոնք մէկ քանին են Ճոն Քէյճի «Լռութիւն – Դասախօսութիւններ եւ Գրութիւններ» հատորէն, ուր «Հաղորդակցութիւն» գլուխը կը սկսի էջ 40-էն եւ որպէս հարցումներու շարան կ’երկարի մինչեւ էջ 52. միա՛յն հարցումներ 12 էջերու վրայ:
Այս հարցումներուն պատասխաններ կա՞ն:
Գիրքը կը փորձէ այս հարցումներու գոնէ քանի մը հատին պատասխաններ գտնել փոքրերուն համար: Երկու անգամ գիրքին երկու հանդիպակաց էջերը կը կրեն միա՛յն «ոչինչ» բառը. կը պատկերացնէ՞ք, «ոչինչ»-ը դիտել եւ զգալ որ բան մը կը դիտես:
Ճոն Քէյճի համար հարցերը շատ կարեւոր եղած են, որովհետեւ հարցումները շատ աւելի հետաքրքրական են, քան պատասխանները: Հարցումները աւելի շատ հարցումներու կ’առաջնորդեն, պատասխաններ տալու փոխարէն:
Գիրքը կը քաջալերէ ընթերցող մանուկները մտիկ ընել, երբ կը թուի թէ լսելիք բան չկայ, եւ անշուշտ հարցումներ հարցնել:
Ճոն Քէյճ ինք կ’ըսէ. «Կ’ուզեմ որ մարդիկ կարենան անդրադառնալ, թէ լսելիք որքա՜ն բան կայ «ոչինչ»-ին մէջ»:
Մեր փոքրիկները, այդ իմաստով նաեւ աշխարհի «առաջին» երկիրներու փոքրիկները  կորսնցուցեր են մտիկ ընելու ունակութիւնը, որուն առաջին փուլը եթէ մօր երգն ու օրօրն էին, երկրորդը մեծ մայրիկին հեքիաթներն էին (հաւանաբար երրորդ աշխարհի փոքրերը, չունենալով արդիական խաղեր եւ խաղալիքներ, տակաւին կը վայելեն պերճանքը իրենց մայրերուն երգին եւ մեծ մայրերուն հեքիաթներուն), որոնց փոխարէն այսօր ահաւոր աղմուկով կամ կեղծ ձայներով յագեցած իբր թէ մանկական քարթուններն են: Ինչպէ՞ս կը սպասենք ուրեմն որ անոնք լսելու, ապա մտիկ ընելու ունակութիւն ձեռք բերեն:
Թերեւս Ճոն Քէյճի 4:33-ն ու անոր մասին պատմող գիրքը կրնան որոշ չափով այս հարցին անդրադարձնել ծնողները, որոնք լաւ կ’ըլլայ որ մտածեն մտիկ ընելու սքանչելի սովորութիւնը իրենց զաւակներուն մէջ մշակելու մասին:
Մարուշ Երամեան