«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանի դիմատետրի իր էջին հետեւեալ գրառումը կատարած է.

«Պաշտօնական նամակով դիմած եմ կառավարութեան՝ ակնկալելով, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցող մշակութային ցեղասպանութեան առումով կը ստանամ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանը․

1․Արդեօ՞ք ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուած է յստակ քաղաքականութիւն կամ ծրագիր՝ հակազդելու Արցախի մէջ հայկական մշակութային հետքի վերացման առնչուող ատրպէյճանական քաղաքականութեան։
2․ Ի՞նչ քայլերու պիտի ձեռնարկուին դիւանագիտական խողովակով՝ Վատիկանին պատկանող «L’Osservatore Romano» պարբերականին մէջ զետեղուած յօդուածին հակազդելու համադ։
3․ Ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկուին եւ յառաջիկային պիտի ձեռնարկուին Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան և պաշտպանութեան ներկայ վիճակը արձանագրող ԻւՒՆԵՍՔՕ-ի դիտորդական, փաստահապաք առաքելութիւն պահանջելու համար։