ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան կը տեղեկացնէ, որ 23 Յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանի մէջ հանդիպած է Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր իշխանութեան շարք մը ներկայացուցիչներու հետ։
«Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ, Եւրոպայի ժողովրդական Կուսակցութեան քաղաքական խումբի անդամ Լուքաս Ֆուրլասի, Սոցիալ-Դեմոկրատական քաղաքական խումբի անդամ Քոսթաս Մավրիթեսի, Եւրոպայի պահպանողականներուն եւ քոնսերվաթիվներու քաղաքական խումբի անդամ Չարլի Վայմերսի հետ հանդիպումներու ընթացքին խորհրդարանականներուն շնորհակալութիւն յայտնեցի Հայաստանի ու Արցախի առնչուող հարցերու մասին տարիներ շարունակ դրսեւորած սկզբունքային դիրքորոշումին համար:
Ընդգծելով Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանին ուժի սպառնալիքով միակողմանի զիջումներու պարտադրման շարունակական քաղաքականութեան անընդունելի ըլլալու հանգամանքը` ներկայացուցի տարածաշրջանի համար նման քաղաքականութեան ապակայունացնող ազդեցութիւնները:
Յատուկ անդրադարձ կատարեցիփփփ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման հարցին` այդ հարցին մէջ կարեւոր համարելով Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկեցինք Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք COP-29 համաժողովին միջազգային պատուիրակութիւններու մասնակցութեան վերաբերող հարցեր։
Քննարկեցինք նաեւ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր։ Անդրադարձ կատարած ենք ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի (CEPA) ամբողջական կիրառումի անհրաժեշտութեան», ըսաւ Սաղաթէլեան։