Սուրիոյ Խորհրդարանական ընտրութիւններու ազգի միասնական թեկնածու փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան, ընկերակցութեամբ ընտրական կեդրոնական մարմնի անդամներուն, հանդիպում ունեցաւ Գերմանիկ Վասպուրական մշակութային միութեան վարչութեան հետ։
Հանդիպումին զրոյց ընթացաւ միասնական աշխատանքի կարեւորութեան եւ համատեղ ճիգերով ընթացող ծրագիրներու արդիւնաւորութեան մասին։
Գերմանիկ Վասպուրական մշակութային միութեան վարչութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ազգի թեկնածուին եւ պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց հնարաւոր միջոցներով սատարելու ընտրական աշխատանքներուն։