Պաղեստինի Արտաքին Գործոց Նախարարութինը ողջունած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ Պաղեստինը որպէս անկախ պետութիւն ճանչնալու մասին:
Պաղեստինի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը շեշտած է հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու պատմական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու խորութիւնը՝ ընդգծելով, որ այս ճանաչումը, որ կ’արտայայտէ պատմական յարաբերութիւններու իսկութիւնը, համահունչ է միջազգային իրաւունքին եւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բոլոր բանաձեւերուն:
Պաղեստինի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը սա համարած է իրական ներդրում խաղաղութեան մէջ եւ գործնական քայլ՝ աջակցելու միջազգայնօրէն ընդունուած երկու պետութիւն սկզբունքով լուծման, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն՝ վերջ դնելով իսրայէլական բռնատիրութեան եւ ձեռք բերելով Պաղեստինի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունք: