Բոլորս ալ, այս կամ այն չափով, մոլի դարձած ենք Դիմատետրին կամ/եւ ընկերային այլ ցանցերու, շատ յաճախ կը խօսինք – ես ալ մէջը ըլլալով այդ խօսողներուն, հակառակ անոր որ շատ լաւ գիտենք, թէ ընդհանուր առմամբ ժամանակի կորուստ է` արագ-արագ դարձնել պաստառը եւ դիտել, միայն դիտել, շատ անգամ այդ իսկ մակերեսայնօրէն ընելով – գիտենք նաեւ թէ մեր յոռի գիծերը «զարգացնելու» արագ միջոց է Դիմատետրը, ինչպէս դիւրահաւատութիւնը ամէն ժխտականի, բամբասանքը, ծայրայեղ ազատութիւնը ըսել-գրելու ի՛նչ որ մեր միտքէն կ’անցնի եւ այլն: Հակառակ այս բոլորին … կը շարունակենք մեր մոլութիւնը:
Ասոնց կողքին սակայն ընկերային ցանցերը լաւ բաներ ալ կը տրամադրեն մեզի. եթէ մէկ կողմէ գրականութեան պատմութենէն գրեթէ ջնջեցին նամակագրութեան արուեստը, միւս կողմէ առիթ տուին որ մարդիկ իրենց ամէնէն կարեւոր հարցերը արագ տեղ հասցնելու միջոց ունենան, կարեւոր նամակներ արագ կերպով յղեն, եթէ թերթերը դժուար հասանելի են, կարելի է զանոնք ընկերային կայքերու ընդմէջէն ընթերցել եւ այլն:
Գիտենք որ մնայուն էջեր կան, հաստատուն հերթականութեամբ նորոգուող: Անշուշտ այդ էջերը ի՛մ նախասիրութիւններուն համեմատ կազմեր են իմ «պատ»-ը, բայց նորութիւններ եւս յաճախ կը յայտնուին այդ պատին վրայ:
Այդ էջերը, մանաւանդ անոնց խմբագիրները, ճիշդ թարգմանութեամբ՝ ղեկավարները admin-ները (administrate), գրեթէ բոլորը իրենց լաւագոյնը կ’ընեն, ինչպէս որ սովորական աշխատանքի մէջ լաւ աշխատողը իր լաւագոյնը պիտի ընէր, որովհետեւ այդ էջերուն պատասխանատուներուն համար աշխատանք է էջի մը ղեկավար ըլլալը, որուն միջոցով շահ կ’ապահովեն:
ՖՊ-ի էջերուն մեծամասնութիւնը հաճոյքի բնոյթ կը կրէ, բայց կան դաստիարակող, բան սորվեցնող, ճաշակ ջամբող էջեր նաեւ:
Նման էջ մըն է օրինակ Սոնիա Թաշճեանի Արեւմտահայաստանի խոհանոցին նուիրուած էջը (որուն անդրադարձեր եմ «Պահեցողութիւն» յօդուածով), որ ո՛չ միայն կը պեղէ մոռցուած խոհագրերը մեր կորուսեալ հայրենիքին, այլ զանոնք փորձարկելէ ետք, կը հրամցնէ ընթերցողներուն:
Այլ հաճելի եւ օգտաշատ էջ մըն է Վալանս (Ֆրանսա) բնակող հայաստանցի անասնաբոյժ տիկնոջ մը՝ Կարինէ Օհանեանի  ջանքերով սկսուած «Համեղ Մենյու» էջը, որ թէեւ նուիրուած է խոհանոցին, սակայն ուր ամէն առաւօտ, բարի լոյսի մաղթանքէն առաջ անպայմա՛ն կը կարդանք գրական հատուած մը, որ կը կապուի մարդկային ազնուութեան եւ կը յորդորէ ընթերցողները որ ըլլան ազնիւ, բարեհամբոյր եւ օգտակար դառնան իրենց շուրջիններուն, ինչպէս եւ որքան որ կրնան:
Իսկ ամէն գիշեր «գիշեր բարի»-ի մաղթանքին կ’ընկերանայ բանաստեղծութիւն մը, որ, վստահ եմ, այս էջին բոլո՛ր համակիրները, բանաստեղծութիւն սիրեն թէ ոչ, կը կարդան: Կա՞յ աւելի արագ միջոց գրական ճաշակ եւ քերթողութեան սէր տարածելու … անկեղծօրէն, իմ միտքէն պիտի չանցնէր խոհանոցին նուիրուած էջ մը դարձնել նաեւ ընթերցումի, մանաւանդ քերթողական ընթերցումի միջոց:
Անահիտ Սարգիսեան իր էջը մի՛շտ թարմ կը պահէ նոր թէ հին ստեղծագործութիւններով, որոնք նոյնիսկ եթէ ծանր, դժխեմ նիւթի մը մասին ըլլան, իրենց պայծառութեամբ կը պայծառացնեն ընթերցողին օրը նաեւ: Կա՞յ աւելի հաճելի ընթերցում, ծանր օրուան մը յոգնութենէն ետք:
ու չհասկցար
թէ ինչպէ՞ս
յանկա՛րծ
այսքան շուտ
հասար այն տարիքին
երբ չե՛ս յիշեր՝
թէ առտուան դեղահատը
կլլա՞ծ ես
կամ ոչ
իմ կարծիքովս
այդ դեղահատը
շատո՜նց
կլլա՛ծ ես
Տակաւին կան հայերէնին նուիրուած բազմաթիւ էջեր, որոնք թեթեւօրէն, երգիծանքով եւ կարճ հատուածներով հայերէնի իմացութիւն կը փորձեն ջամբել դիտորդներուն. դիտորդ կ’ըսեմ, որովհետեւ վստահ չեմ որ Դիմատետրը թերթողները բոլորն ալ կը կարդան հրամցուածը …
Նման էջ մըն է «հայերէնblog»-ը, որ տեղ կու տայ ինչպէս երէց գրողներու, նաեւ ու թերեւս ալ աւելի՝ սկսնակներու, անկախ իրենց տարիքէն, քաջալերական տարածք մը ապահովելով արեւմտահայերէնով արտայայտուող նորերուն համար:
Մարի Մերթխանեան («Գանձասար»-ի նախկին խմբագրուհի) ամէն օր Դիմատետրի իր պատուհանէն բարի լոյս կը մաղթէ, սուրճի կը հրաւիրէ եւ անպայմա՛ն գրական հատուած մը կը կցէ իր մաղթանքներուն, ինչպէս օրինակ 20 Դեկտեմբեր 2022-ին գրածը.
Բարի լոյս, ուշացա՜յ, բայց «Աղուոր բաներ» բերի
       ԱՂՈՒՈՐ ԲԱՆԵՐ
Աղուոր բաներ կը պատահին
Աղուոր բաներ երբ պատահին
ջութակ մը հին
Կը թօթափէ իր խուլ փոշին
կը նուագէ
մեր մանկութեան երգերէն մին
Աղուոր բաներ կը պատահին
Աղուոր բաներ երբ պատահին
վտակ մը հին
որուն հունն է ցամքեր չորցեր
դարերն ի վեր
կ’արթննայ իր չոր թմբիրէն
ու կը հոսի գլգլալէն
Աղուոր բաներ կը պատահին
Աղուոր բաներ երբ պատահին
մենք միատեղ
կը նայինք լոյս հորիզոնին
ու պատրաստ ենք
վերապրելու մեր կեանքը հին
Աղուոր բաներ երբ պատահին
Աղուոր բաներ կը պատահին
(Զահրատ)
Նոյնքան հաճելի եւ օգտաշատ էջ մըն է Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեանի էջը, որ իր կարճ – ամէն մարդ չէ որ կ’ուզէ համեմատաբար երկար գրութիւններ կարդալ – եւ դիպուկ խօսքերով կը գրաւէ Դիմատետրի ընթերցողը:
Տակաւին կայ Յարութ Թօփճեանի էջը, որ երբեմն մեկնութիւններ կ’ընէ Աստուածաշունչէն առնուած խօսքի մը, կամ կը բացայայտէ գրութիւն մը:
Օրաթերթերու ընթերցողներուն նուազումին հետ, քաղաքական դէպքերու մասին մանաւանդ իրենց կարծիքը յայտնող անձեր կ’օգնեն, որ Դիմատետրի ընթերցողները կարենան կողմնորոշուիլ այդ դէպքերուն հանդէպ, կամ գոնէ՝ ճիշդը իմանալ – ճիշդը՝ ըստ իրենց նախընտրած անձին: Այսպիսի կարեւոր դեր ունին Արա Սանճեանն ու Վարդան Մատթէոսեանը, երկուքն ալ համալսարանի դասախօս դոկտորներ, որոնք կարելի անաչառութեամբ կը գրեն դէպքերու, երեւոյթներու եւ հարցերու մասին:
Թերեւս առարկողներ ըլլան, որ Դիմատետրը շատ յեղյեղուկ կամ անլուրջ տարածք է, նման գրութիւններու համար:
Ընդունինք թէ ոչ, այսօր Դիմատետրն է եւ ընկերային այլ ցանցերը, որոնք վերցուցած են օրաթերթերուն դերը, անլուրջ թէ ոչ: Մեզի կը մնայ լաւագոյնս եւ առաւելագոյնս օգտուիլ անոնց տուած առիթներէն:
Օրինակ Սանճեանի վերջին՝ 2 Յունիս 2024-ի ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄ գրութիւնը կ’ըսէ.
«Այն օրուընէ ի վեր՝ շուրջ մէկ ամիս առաջ, երբ Գերշ. Բագրատ արք. Գալստանեան որոշեց ոտքով-գլխով ընդգրկուիլ Հայաստանի քաղաքական բեւեռացած յորձանուտին մէջ ու համաձայնեցաւ պաշտօնապէս գլխաւորել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանազրկելու միտով շարժման հերթական փուլը, զանգուածային լրատուամիջոցներով ու սոցիալական ցանցերով սկսան քարոզուիլ երկու հակոտնեայ Բագրատ սրբազանները. մէկը՝ հրեշտականման, միւսը՝ խտացած գոյներով բացասական ու վտանգաւոր։
Պարզ է, որ այս երկու իրարամերժ տարբերակները սփռողներէն շա՜տ քիչերն են, որ սրբազանը մօտիկէն լաւ ճանչնալու պատեհութիւնը ունեցած են, եւ իւրաքանչիւրին քարոզած Բագրատ արքեպիսկոպոսը աւելի շատ իր յոյսերուն կամ մտահոգութիւններուն արտացոլանքն է»։
Միտք բանին՝ Ա. Բագրատ սրբ. Գալստանեանին մասին եղած թեր ու դէմ կարծիքները նորութիւն չեն մեզի համար, Բ. Հայ եկեղեցին անկարող է պահպանելու ակնածանքը եւ պաշտպանելու բարձրաստիճան հոգեւորականները քննադատութենէ:
Որմէ կրնանք հասկնալ թէ պէտք է մի՛շտ իրապաշտօրէն դատենք երեւոյթները եւ չկորսնցնենք մեր էական սկզբունքները:
Որպէս եզրակացութիւն ըսեմ՝ լաւ կ’ըլլայ որ այս անունները պահենք, մանաւանդ՝ ճի՛շդ ընտրենք ուղիները, որպէսզի մեր ամէնօրեայ «պարտադիր» դեգերումները Դիմատետրի այգիներուն մէջ, հաճելիին հետ նաեւ օգտաշատ ըլլան:
Մարուշ Երամեան