Իրարմէ այնքա՜ն հեռու այս երկու երկիրները ունին նաեւ որոշ նմանութիւններ, որոնք առաջին հերթին հաճելի անակնկալ մը կ’ըլլան, ապա՝ խորունկ զարմանքի կը մատնեն: Բայց ի վերջոյ կը հասկնաս, որ մարդ արարածը իր արմատներուն մէջ նման է, որքան ալ հողը տարբեր ըլլայ. ծառերուն տեսակները տարբեր կրնան ըլլալ, բայց ի վերջոյ ծառեր են …
Առաջին նմանութիւնը այն է, որ երկու երկիրներն ալ լեռնային են, իսկ մայրաքաղաքները՝ լեռներով շրջապատուած, ափսէի մը մէջ կարծես:
Երկրորդ նմանութիւնը վանքերուն եւ տաճարներուն առատութիւնն է, ընդհանրապէս լեռներու կողերուն, բլուրներու վրայ, քաղաքին ծայրամասերուն:
Երրորդ նմանութիւնը՝ գրախանութներուն եւ թերթերուն առատութիւնն է, թէեւ վերջերս Հայաստանի թերթերը բաւական նուազեր են:
Պանդոկը ամէն օր քանի մը տարբեր օրաթերթ կը դրուէր, նեփալերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Այդ թերթերէն մէկուն մէջ էր՝ The Kathmandu Post, որ հանդիպեցայ հարցազրոյցի մը Անգլիա ապրող նեփալցի գրողի մը՝ Քրիշնա Պայկային, որ… նեփալերէն կը գրէ եւ նեփալերէն թերթ կը հրատարակէ. այո՛, Անգլիոյ մէջ:
Արդեօք նեփալերէնին համար ալ կ’ըսե՞ն թէ մեռնող լեզուներու շարքին է, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, թէ երեսուն (30) միլիոն նեփալցի կը խօսին 122 տարբեր լեզուներով: Ճիշդ է որ երկրին 78%-ին պաշտօնական լեզուն նեփալերէնն է սակայն մնացեալ 121 լեզուներն ալ ազգային լեզու կը համարուին: Եթէ հաշիւ մը ընենք, թէ այս 121 լեզուներէն իւրաքանչիւրը քանի՞ հոգի կը խօսի, կը կարծեմ որ արեւմտահայերէնով արտայայտուող հայերու թիւէն նուազ պիտի ըլլայ:
Պարզապէս հետաքրքրութիւնս գոհացնելու համար, եթէ նոյնիսկ երեսուն միլիոնը (որ սխալ է անշուշտ, որովհետեւ 22%-ը պէտք է նկատի առնեմ) բաժնեմ հարիւր քսանմէկով, կը ստանամ … 247.933: Ուրեմն այնքան ալ սխալ չեմ ենթադրութեանս մէջ, որ այդ 121 լեզուներէն իւրաքանչիւրը հազիւ քառորդ միլիոն խօսող ունի: Ինչո՞ւ ուրեմն այդ լեզուները եւս «մեռնող»-ներուն կարգին չեն դասուած:
Հաւանաբար որովհետեւ այդ 121×247.933-ը բոլորն ալ իրենց երկրին մէջ կ’ապրին:
Վերադառնալով Քրիշնա Պայկային, որ վերջին 21 տարիներուն նեփալերէն գրականութիւն կը մշակէ Անգլիոյ մէջ, մարդը մեծ խանդավառութեամբ եւ աւելի մեծ համոզումով լծուեր է իր աշխատանքին, որպէսզի «Անգլիոյ տարածքին ապրող նեփալցիները մի՛շտ կարդան իրենց լեզուն եւ անով գրականութիւն մշակեն»:
Որոշ տարբերութիւն մը կ’ուրուագծուի՞ արդեօք ձեր միտքերուն մէջ, ծանօթ ազգի մը հետ:
Երբ գիտցայ որ Նեփալ պիտի երթամ, առաջին հերթին մտածեցի՝ արդեօք Նեփալի մէջ հայ կա՞յ:
2015 թուականի երկրաշարժին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նեփալի դեսպանութիւնը _ որուն նստավայրը Տելհի է եւ Հնդկաստանին առընթեր նաեւ Նեփալի գործերով կը զբաղի _ հրատարակեր է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ’ըսուի, թէ Նեփալի երկրաշարժէն տուժած հայեր չեն եղած:
Ասիկա ենթադրել տուաւ, թէ հայեր պէ՛տք է ըլլան Նեփալի մէջ: Բայց չկան: Գոնէ ես չհանդիպեցայ: Եթէ հոն ապրող մարդիկ ըլլային, հայկական անունով գոնէ մէկ-երկու ցուցանակի պիտի չհանդիպէի՞:
Կ’ըսուի թէ երազային երկիր մըն է Նեփալը, շատերու ցանկութիւններուն ցանկին առաջին տեղը գրաւող:
Բայց ո՛չ իմ ցանկութիւններուս: Ես երազե՞ր էի Նեփալ երթալ: Ինչպէ՞ս կրնաս երազել բան մը, զոր չես ճանչնար, որուն նոյնիսկ գոյութիւնը կ’անգիտանաս:
Բայց շատ հետաքրքրական է՝ եթէ կ’անգիտանաս անոր գոյութիւնը ինչո՞ւ ուրեմն կ’երթաս փնտռել այդ վայրը:
Բայց կ’երթաս, տարբեր պատճառներէ մղուած:
Նախ՝ այս երկիրը դրացի է իմ երազային վայրերէս մէկուն՝ Թիպէթին:
_ Բայց ինչո՞ւ կ’ուզես Թիպէթ երթալ,_ հարցուցեր էր բարեկամ մը, այցելելու փափաքս լսելով:
_ Կ’ուզեմ ծանօթանալ այդ շա՜տ տարբեր, ինքնուրոյն մշակոյթ ունեցող երկրին:
_ Բայց շատ աղտոտ է,_ պատասխաներ էր խիստ իրապաշտ ոճով:
_ Դուն գացե՞ր ես Թիպէթ:
_ Այո՛ …
_ Ուրեմն դուն գացեր ես, տեսեր ես որ աղտոտ է եւ չես ուզեր որ ես երթամ … հասկցա՜յ:
Բայց ահա կ’երթամ երկիր մը, որ դրացի է իմ երազած երկրիս: Ասիկա կրնա՞յ կարեւոր պատճառ մը համարուիլ: Թերեւս:
Յետոյ կարդացի որ Թիպէթը իրապէ՛ս աղտոտ երկիր է, մանաւանդ՝ աղտոտ վանականներով: Կ’երեւի թէ հոգիի ոլորտներուն մէջ ապրողներուն համար ֆիզիքական աշխարհը այնքան ալ էական եւ կարեւոր չի համարուիր: Ինչ գիտնամ …
Իսկ Նեփալը իրապէ՛ս շատ մաքուր է, թէ՛ տաճարները, թէ՛ շուկաները, թէ՛ մանաւանդ փողոցները: Մարդիկ հանդարտ, ժպտուն, բարեհամբոյր եւ ծառայասէր են: Կ’երեւի իրենց հաւատքն է պատճառը, որովհետեւ երկրին 80%-ը հինտուս է, մնացեալն ալ՝ պուտտիսթ: Մանաւանդ որ երկրորդը աւելի կենսափիլիսոփայութիւն է եւ կենսաձեւ, քան՝ կրօնք:
Քաղաք մը, ուր բնակչութեան գրեթէ բոլոր կիները ազգային տարազ կը հագնին: Շատ աղուոր գտայ եւ քիչ մըն ալ նախանձեցայ անկեղծօրէն:
Նեփալը թագաւորութիւն եղեր է մինչեւ վերջերս՝ 2008 թուականը, երբ յեղափոխութեամբ մը դարձեր է Նեփալի Հանրապետութիւն:
Թագաւորին պալատը, որ թանգարանի մը նման այցելուներ կ’ընդունի, ունեցեր է յատուկ բաժին մը քաղաքական եւ բարձրաստիճան հիւրերու, անոնց թիկնապահներուն, քարտուղարներուն, նոյնիսկ բժիշկներուն համար, կ’երեւի «լաւ է որ թշնամիս աչքիս տակ ըլլայ»-ի մօտեցումով եւ «հիւրդ թշնամի է, մինչեւ հակառակը փաստէ» համոզումով: Կ’ենթադրեմ:
Իրապէ՛ս մեծագոյն հաճոյք է բարձր տեղէ մը դիտել մայրաքաղաք Քաթմանտուն շրջապատող լեռները, որոնք աշխարհի ամէնէն բարձր տասը լեռներէն ութին մաս կը կազմեն, որպէս լեռնաշղթայ:
Ճիշդ է որ մայրաքաղաքը շրջափակուած է, բայց լեռները այնքա՜ն բարձր են եւ անառիկ, որ հզօր ամրոցէ մը աւելի լաւ պաշտպանուած է Քաթմանտուն:
Այլ մայրաքաղաքներէ տարբերող շատ բան կայ այստեղ. երբ եւրոպական որեւէ քաղաք կ’այցելես, անպայման հոն կը գտնես մոլեր, մոլերուն մէջ բոլոր ծանօթ մակնիշի խանութները՝ Զարա, Մանկօ, Րիզըրվտ, Մասսիմօ Տութթի եւ այլն: Իսկ այստեղ գրեթէ բոլոր տեսակի ապրանքները տեղական արտադրութիւն են, կամ մօտիկ Չինաստանէն եւ Հնդկաստանէն ներմուծուած, երկու պարագաներուն ալ՝ անսովոր, հետաքրքրական եւ հաճելի:
Եէքը տեղավայրին կենդանին է՝ Bos grunniens կամ թաթարական եզ, նշանաւոր իր բուրդով, որմէ հիւսուած կամ պատրաստուած իրերը ողողած են շուկաները՝ բուրդէ վերնամասեր, շալեր, ձեռնոց-գլխարկներ, պայուսակներ եւ
խաղալիքներ:
Եւ որովհետեւ Հիմալայայի բարձունքը մագլցելու համար պէ՛տք է Նեփալ երթալ, քաղաքին մէջ մեծ թիւ մը կը կազմեն մարզանքի, մանաւանդ ձիւներու մէջ մագլցելու համար պէտք եղած բոլոր իրերը ծախող խանութները. տեսնելու արժանի էին մանաւանդ երկարավիզ եւ ծանր մոյկերը:
Ամէնէն ցնցիչ այցելութիւնս այն տաճարն էր, ուր մահացածներուն դիերը կը հրկիզեն գետին մէկ ափին, մինչ դիմացի ափին հարազատները հոգեճաշի նստած կ’ըլլան:
Ֆիլմերու մէջ յաճախ տեսեր եմ հրկիզումի տեսարաններ եւ մի՛շտ նոյն հարցումը չարչրկեր է միտքս՝ հապա հո՞տը …
Առիթ էր հարցումիս պատասխանը գտնելու:
_Տիկի՛ն,_ կ’ըսէ վզնոցներ ծախող կին մը,_ դէպի այս կողմ՝ աղքատներուն տեղն է, հոն,_ եւ ցոյց կու տայ դէպի ձախ, ուր բազմութիւն մը հաւաքուած լուռ կը դիտէ,_ հարուստներուն տեղն է:
Սեղանի մը վրայէն մուխ կը բարձրանար: Կը տատամսէի մօտենալու, բայց հետաքրքրութիւնս յաղթեց. երկու քայլ յառաջացայ …
Ճենճերին հոտը խուժեց վրաս՝ աւրուած միսի ճենճեր, բայց գիտէի որ աւրուած միս չէ, այլ …
Ետ դարձայ հաստատապէս որոշած, որ պիտի չերթա՛մ: Երկու շունչ քաշեր էի եւ երբե՛ք, կեանքիս մէջ ա՛լ երբեք պիտի չուզէի այդ հոտը անգամ մը եւս առնել:
Այստեղի տաճարը միակն է, ուր ոչ-հինտուսներուն մուտքը խստիւ արգիլուած է. տեղացիները կը մտնէին բոպիկ ոտքերով, կը խոնարհէին երկիւղածութեամբ եւ յետոյ կը կորսուէին դարպասէն ներս, աջի կողմնակի դռնէն դուրս ելլելու համար:
Այնքա՜ն պատմելիք կայ: Վերադարձեր եմ, բայց յաճախ երբ կը յիշեմ Նեփալ անցուցած օրերս, ինծի կը թուի թէ երկար երազ մըն էր եղածը:
Մարուշ Երամեան