Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ.Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, Կիրակի, 9 Յունիս 2024_ի երեկոյեան «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ.Միացեալ Նախակրթարանի 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի Զ. կարգի աշակերտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը, որուն աւարտին՝ հաստատագրերու բաշխումը։
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն, ետքը շրջանաւարտները մեծ խանդավառութեամբ բեմ բարձրացան։
Օրուան հանդիսավարն էր ուսուցչուհի Լիա Քիլէճեան-Մաթոսեան։
Բացման խօսքով ուսուցչուհի Մարալ Ապլաքեան-Քէչէճեան յիշեց որ 2024 տարին հռչակուած է մարդուժի պատրաստութեան տարի։ Արդ շեշտեց հայ դպրոցին դերը մարդակերտումի գործընթացին մէջ, դիտել տալով որ ան հայ եկեղեցւոյ եւ հայկական միութեան կողքին հայ աշակերտին ազգային դիմագիծը պահող հիմնական կռուանն է։ Նաեւ անդրադարձաւ հայ կրթական մշակին նուիրուածութեան եւ գիտակից աշխատանքին, ապա շրջանաւարտներուն մաղթեց նորանոր նուաճումներ։
Յայտագիրը ընդգրկեց հայերէն եւ արաբերէն երգեր ու ասմունք։
Կայտառ ու ինքնավստահ շրջանաւարտները ներկայացուցին խմբային «Հայրիկ», «Իմ Անուշ Մայրիկ» ,«Խրիմեան Հայրիկ» , «Համբիկ Սասունեան»,«Կռունկ, Գնա՛» ,«Գետաշէն» ,«Գինի Լից» ,«Շուֆու Պալատի» եւ «Աթլէք Նիրանաքա» երգերը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Օհանեան-Քահքէճեանի, ապա ասմունքով հանդէս եկան շրջանաւարտներ ներկայացնելով Ժագ Յակոբեանի «Դպրո՛ցն Ահա» եւ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» քերթուածները, իսկ արաբերէն «Քուուաթուլ Ալմի» ոտանաւորը։
Շրջանաւարտները երգերուն եւ քերթուածներուն ընդմէջէն յայտնեցին իրենց երախտագիտութիւնը ծնողներուն, անդրադարձան հայ եկեղեցւոյ դերին, որպէս ապահով միջնաբերդ, հայ դպրոցին՝ որպէս դարբնոց մարդակերտումի ու հայակերտումի եւ թշնամիին ուղղելով իրենց խօսքը շեշտեցին, որ միշտ պիտի մնան պահանջատէր մեր բռնագրաւուած հողերուն։
Հանդիսութեան ընթացքին տեսերիզով ցուցադրուեցան շրջանաւարտ աշակերտներուն վեց տարուան առօրեայէն ու աշխատանքէն քաղուած պատկերներ։
Խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Արցախ» պարը։
Աւարտին շրջանաւարտները պարծանքով երգեցին «Հայորդիք» խմբերգը՝ խոստանալով որ միշտ ձեռք ձեռքի տալով բարձր պիտի պահեն հայ ազգը եւ անոր սուրբ պատիւը։
Տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հակառակ երկրի տնտեսական ծանր պայմաններուն՝ 2023-2024 տարեշրջանը բոլորուեցաւ հեզասահ, շնորհիւ վարժարանի անձնակազմին աննկուն կամքին եւ միասնական աշխատանքին։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր օրհնաբեր այցելութիւններուն եւ հայրական խրատներուն համար։
Տնօրէնուհին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ երկրի վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որուն իմաստուն ղեկավարութեամբ կ՛ապրինք ապահով ու խաղաղ կեանք եւ բարի ապաքինում մաղթեց Առաջին Տիկնոջ Ասմա ալ-Ասատին։
Ապա երախտագիտական խօսքերով գնահատեց բոլոր բարերարները, որոնք իրենց օժանդակութեամբ եւ ներդրումով նեցուկ կանգնեցան վարժարանիս։ Իր խօսքի աւարտին, ան գնահատեց բոլոր ուսուցիչներուն սուրբ առաքելութիւնը եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց մաղթելով բարի երթ եւ երազներու իրականացում։
Սրբազան հօր ձեռամբ կատարուեցաւ հաստատագրերու բաշխում, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր աշակերտի հաստատագիր ստացած պահուն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի հանդիսութեանց անհատական պատկերները ցուցադրուեցան։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան անդամ Վաչէ Ճուհարեանը պարգեւատրելու ուսուցչուհիներ՝ Սեւան Կարճիկեան-Չիլինկիրեան եւ Սօսէ Քէօրիւկեան, որոնք բոլորեցին իրենց ծառայութեան տարիները եւ հանգստեան կոչուեցան։
Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւններն ու սրտի խօսքը ուղղեց բոլորին, անդրադառնալով , որ այս սերունդը պատերազմի սերունդ է, բայց Աստուծոյ կամքով այսօր արդէն դարձած է հասուն շրջանաւարտ, ապա շեշտեց , որ հայ դպրոցը երկրորդ տունն է, երկրորդ եկեղեցին ու երկրորդ ակումբը։
Մակար սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի անձնակազմին, որ միշտ կը փորձէ հայ դպրոցը վառ եւ կենսունակ պահել։ Ան բարձր գնահատեց աշակերտները իրենց ներկայացուցած այս գեղեցիկ հանդիսութեան համար մաղթելով, որ ըլլան տիպար հայորդիներ եւ տիրանան բարձր վկայականներու։
Սրբազան հայրը երախտագիտական խօսք ուղղեց նաեւ երկրի վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որուն հովանիին ներքոյ ապահով կ՛ապրինք։
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ ուսուցչական կազմը եւ հանդիսութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով փակուեցաւ, որմէ ետք շրջանաւարտներն ու վարժարանի անձնակազմը այս հանդիսութեան առիթով պատրաստուած կարկանդակը հատեցին։
Սեւան Տէյիրմէնճեան