Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան յայտնած է, որ ռուս սահմանապահները դուրս եկած են Հանդի տարածքէն։
Երբ հարց տրուեցաւ, որ իսկ մնացած հատուածներէ՞ն, Ղուկասեան պատասխանած է, որ գործընթացը կը շարունակուի։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 9 Մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին համաձայնած էին ռուս սահմանապահներու դուրսբերումը Հայաստանի շարք մը մարզերէն։
Հայաստանի իշխող խմբակցութեան քարտուղարը նոյն օրը յստակացուց՝ ռուսերը դուրս պիտի գան Ատրպէյճանի հետ սահմանակից Վայոց Ձորէն, Տաւուշէն ու Սիւնիքէն, Գեղարքունիքէն, Արարատէն, սակայն, ծառայութիւնը պիտւ շարունակեն հայ-թրքական ու հայ-իրանական սահմանին։