Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 2 Յունիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:
Հանդէսը սկսաւ զոյգ քայլերգներով, ապա ներկաները հրաւիրուեցան վարկեան մը յոտնկայս կանգնելու՝ յարգելու յիշատակը հայ եւ արաբ բոլոր նահատակներուն:
Հայերէն բացման խօսքով Սոնա Գրտանեան-Պզտիկեան անդրադարձաւ սոյն օրուան յատկանշական, յուզիչ եւ միեւնոյն ժամանակ տօնական օր մը ըլլալուն, երբ սիրասուն շրջանաւարտներ երեք տարուան իրենց ամբարած գիտելիքներով թեւեր առած պիտի թռչին դէպի նոր ժամանակաշրջան, իրենց ետին ձգելով անմոռանալի յուշեր, որոնք փորագրուած պիտի մնան իրենց յիշողութեան եւ հեքիաթային աշխարհին մէջ: Ապա ներկայացուց հանդէսի նիւթը, որ խօսուն վկան է Ազգ. Մանկապարտէզի վսեմ առաքելութեան, որն է դաստիարակել մատղաշ եւ առողջ սերունդներ, ողողուած հայրենասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ: Աւարտին ան շնորհակալական խօսք ուղղելով շնորհաւորեց շրջանաւարտ փոքրիկները մաղթելով, որ սէրն ու բարին իրենց ուղեկից ըլլան, ապրին բարութեամբ եւ իրենց երգն ու ծիծաղը հնչեն ամենուրէք:
Արաբերէն բացման խօսքով Հելէն Պապեան-Եագուպեան անդրադարձաւ մանկապարտէզի կարեւորագոյն դերին՝ կարգաւորել փոքրիկներու հոգեկան աշխարհը, զօրացնել տրամաբանութիւնը եւ պատրաստել զանոնք յաջորդ հանգրուանին: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց երկրիս վսեմաշուք նախագահին եւ սուրիական բանակի քաջարի զինուորներուն, որոնց շնորհիւ փոքրիկները կ՝ապրին խաղաղ պայմաններու մէջ եւ կը շարունակեն ապահովութեամբ քաղել ուսման պտուղները:
Հանդէսը ընթացք առաւ փոքրիկներու արաբերէն եւ հայերէն բացման խօսքերով։ Անոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ սիրելի ծնողներուն, ներկայացուցին հանդէսի նիւթը եւ ներկաները հրաւիրեցին մասնակից դառնալու իրենց պտոյտին դէպի Հայաստան, ծանօթանալու անոր անթիւ արժէքներուն եւ հարուստ մշակոյթին: Ետքը հերթական դրութեամբ գեղեցիկ խօսքերով եւ նպատակասլաց պարերով ներկաներուն ծանօթացուցին հայկական մշակոյթն ու անմահ պատմութիւնը, որ կ՝արտացոլայ կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ եւ մաղթեցին, որ ճերմակ աղաւնին անվախ թռչի մեր պայծառ երկինքին մէջ: Ետքը Եարխուշտա պարով յոյս ներշնչեցին մեր սահմանի քաջարի զինուորներուն, ապա արաբական-հայկական պարերով ոգեւորեցին ներկաները: Փունջ մը երգեր ներկայացուցին դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Տիկ. Փաթիլ Գասապեան-Վարդապետեանի, իսկ հրաժեշտի երգին երգչախումբին միացաւ բողբոջ դասարանի դաստիարակուհի Օրդ. Ալին Թիւթիւնճեանը քանոնի ընկերակցութեամբ:
Վերջին զանգը հնչեցնելով վարագոյրը փակուեցաւ:
Հասաւ ամենախորհրդաւոր սպասուած պահը, վկայականաց բաշխումը, 41 շրջանաւարտներ բեմ բարձրացան ստանցնելու իրենց առաջին վկայականը հրաժեշտ տալով իրենց սիրելի մանկապարտէզին, գունազարդ դասարաններուն եւ գորովալի ուսուցչուհիներուն:
Հոգեշնորհ Հայր Արմէն Գալայճեանի ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Վաչէ Ճուհարեանը պարգեւատրելու Տիկ. Հելեն Պապեան-Եագուպեանը, որ հաւատարմօրէն բոլորեց իր ծառայութեան տարիները եւ հանգստեան կոչուեցաւ:
Ապա հայր սուրբը իր սրտի խօսքի ընդմէջէն անդրադարձաւ հայ դպրոցի առաքելութեանը, որն է պատրաստել առողջ սերունդներ, որպէսզի դառնան վաղուան ղեկավարները, բարձր գնահատեց ուսուցչաց կազմի հրաշալի աշխատանքը եւ փոքրիկներուն կազմակերպուածութիւնն ու համարձակութիւնը, մաղթելով որ հայ դպրոցէն ներս շարունակեն լուսաւորուիլ հայերէն գիրելիքներով եւ նախագայլը առնեն տիպար եւ օրինակելի հայ մարդ դառնալու, ամուր կառչած մնալով իրենց ոսկեղնիկ Մեսրոպեան լեցուին: Ապա փոխանցեց Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի շնորհաւորանքը շրջանաւարտներու եւ ծնողներուն եւ պահպանիչով փակեց հանդէսը:
Եւ այսպիսով մեր փոքրիկները փակեցին մանկապարտէզի լուսաւոր էջը:
Բարի երթ կը մաղթենք մեր սիրելի շրջանաւարտներուն:
Սոնա Գրտանեան-Պզտիկեան