Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Ալի Պաքիրի Քաննին:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ եւ Իրանի յարաբերութեան, Պաղեստինի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ:

Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի մնայ գլխաւոր սկզբունքն ու ռազմավարական լաւագոյն ընտրութիւնը թշնամիին դէմ պատերազմելու մէջ, այլապէս թշնամիին վայրագութիւնն ու յարձակողական ընթացքը պիտի սաստկանայ:

Նախագահ Ասատ աւելցուց, որ Իսրայէլ Դիմադրութեան դէմ իր պատերազմին մէջ ինչքան աւելի նահանջէ այնքան աւելի վայրագ կը դառնայ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ:

Իր կարգին Իրանի ԱԳ նախարարը շեշտեց, որ Իրանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնը պիտի մնայ խորունկ եւ ռազմավարական, որովհետեւ ան հիմնուած է կայուն սկզբունքներու եւ միացեալ շահերու վրայ։

Ան աւելցուց, որ հանգուցեալ նահատակներուն Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնը ամրապնդելու գծած ուղին պիտի շարունակուի, յայտնելով, որ Իրան Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնը ռազմավարական կը համարէ, ոչ թէ սահմանափակուած որոշ ոլորտներով: Ան աւելցուց, որ տարածաշրջանի պետութիւններուն պայքարը պիտի շարունակուի դաւադրական ծրագիրներուն դէմ եւ անոնք պիտի յաջողին տարածաշրջանին բարգագաճում եւ ժողովուրդններուն արժանապատիւ կեանք ապահովել։