Կիրակի, 2 Յունիս 2024-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին տնօրինումով, Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած՝ Սուրիոյ առաջին տիկնոջ Ասմա ալ-Ասատին առողջութեան եւ բարի ապաքինման համար, մաղթելով, որ Ամենակալը առաջին տիկնոջ կատարեալ բժշկութիւն, ոյժ, կորով, համբերութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ՝ բուժման փուլը ամբողջացնելու եւ վերստին բնականոն կեանքին վերադառնալու։