Հայ Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 26 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Միասնական Սփիւռք, Հզօր Հայրենիք» խորագիրով խորհրդաժողովը։

Խորհրդաժողովին բացման խօսք արտասանեց Սագօ Խալոյեան, որ անդրադարձաւ սփիւռքի ստեղծման պայմաններուն, սփիւռքահայերու պարտականութեան հիւրընկալ երկիրներու մէջ եւ մանաւանդ մայր հայրենիքին նկատմամբ ու շեշտադրեց պահանջատիրութեան ոգին, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու նկարագրին մաս կը կազմէ։

Ապա ան հրաւիրեց օրուան առաջին զեկուցաբեր Մարիա Գաբրիէլեանը, ներկայացնելու «Սփիւռքի կազմաւորումը»։

Գաբրիէլեան անդրադարձաւ շարք մը նիւթերու, ինչպէս` գաղութ եւ համայնք բառերու տարբերութեան, սփիւռքի չորս շրջաններուն, իւրաքանչիւր հատուածի առանձնայատկութիւններուն ու թուային պատկերին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաև Ցեղասպանութենէն ետք կազմակերպուած երեք ներգաղթերուն, ապա առիթ ընծայուեցաւ ներկաներուն իրենց լուսաբանական հարցումները ուղղելու։

Դադարէ մը ետք խորհրդաժողովին Լիբանանէն առցանց միացաւ օրուան երկրորդ զեկուցաբերը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, որ ներկայացուց «Սփիւռքի ներկայ իրավիճակն ու հայրենիք_Սփիւռք փոխյարաբերութիւնը» նիւթը։

Մկրտիչեան յիշեց «Դէպի Երկիր» կարգախօսով կազմակերպուած ներգաղթը, անոր ռազմավարական նպատակները, ինչպէս նաեւ համապարփակ զեկոյց մը տուաւ հայրենիքէն ներս տիրող ներկայ իրադարձութիւններուն շուրջ և <<Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի>> շարժումին ու անոր ղեկավար Բագրատ Սրբազանին մասին։

Զեկուցաբերը առաւելաբար ժամանակ յատկացուց ներկաներու հարցադրումներուն պատասխանելու, որոնցմէ ետք յայտարարուեցաւ խորհրդաժողովին փակումը։

 

Արփի Արապանեան