50 տարի առաջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդը ողջունելի քայլով մը յառաջացուց «Ս․ Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը՝ կազմուած 120 անդամներէ, մայեսթրօ Պօղոս Ապաճեանին վստահելով փոքրերը երաժշտական աշխարհին ծանօթացնելու պատասխանատու գործը, թեմի Առաջնորդ Տէր Տաթեւ Արք․ Սարգիսեանի օրով։

Ապաճեանէն ետք, Կոմիտաս Ծայրագոյն Վրդ․ Օհանեան, ապա Գէորգ Պէպէճեան (1 տարի) ստանձնեցին երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը, իսկ 1992-էն ի վեր երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան, որուն տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ երգչախումբը, նոյնիսկ սուրիական պատերազմի ծանր տարիներուն, շարունակեց ծաղկեցնել հալէպահայ բեմն ու հարստացնել փոքրիկներուն զգացական եւ հոգեկան աշխարհը, հանդիսատեսին հրամցնելով դասական եւ ժողովրդային երգերու գունեղ փունջեր։

50 տարիներու ընթացքին երգչախումբին դաշնամուրով ընկերակցած են՝ Նորա Սարգիսեան, Յովիկ Սէրայտարեան, Թամար Գասպարեան-Արսլանեան, Սեւան Ներսէսեան, Վանի Այնթէպլեան, Յակոբ Արապօղլեան, Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեան, Յովիկ Օհանեան եւ Շողեր Օհանեան-Քահքէճեան, իսկ երաժշտական գործիքաւորումով իր ներդրումը բերած է տոքթ․Ռաֆֆի Ապէճեան։

Այս տարի երգչախումբը բոլորելով իր հիմնադրութեան 50-ամեակը հանդէս եկաւ յոբելենական համերգով, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշքարեանի, կազմակերպութեամբ թեմի Ուսումնական Խորհուրդին, Շաբաթ, 4 Մայիս 2024-ին, Հալէպի «Գ․ Եսայեան» սրահէն ներս։

Երգչախումբը բեմ բարձրացաւ 64 փոքրերով եւ պատանիներով, խմբավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շողեր Օհանեան-Քահքէճեանի։

Համերգին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետին ներկայացուցիչը, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, ազգային մարմիններու, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ծնողներ։

Բացման հայերէն խօսքով Ուսումնական Խորհուրդի անդամ Արփի Սանոսեան-Զէյթճեան դիտել տուաւ, որ Ս․ Մեսրոպ Մաշտոց երգչախումբի անդամները անհունօրէն վայելած են մեր հոգեւոր առաջնորդներու գուրգուրանքն ու խանդաղատանքը։ Հալէպի ազգային վարժարաններու աշակերտները երգչախումբին շուրջ համախմբուելով զարգացուցած են իրենց գեղարուեստական ճաշակը, խմբերգային արուեստի ակունքներուն առնչուած եւ տոգորուած ազգային երաժշտութեան շունչով։

Արաբերէն բացման խօսքով Ուսումնական Խորհուրդի անդամ Գրիգոր Նապաթեան յայտնեց, որ «Ս․ Մեսրոպ Մաշտոց» եդգչախումբը Սուրիոյ առաջին մանկապատանեկան երգչախումբն է. ան 50 տարի շարունակ հանդիսատեսին հրամցուցած է հայկական, արաբական եւ օտար երգեր, բազմաձայն երգեցողութեամբ, իսկ կարգ մը մեսրոպմաշտոցականներ ներշնչուելով արուեստի շունչէն հասած են համաշխարհային բեմեր։ Ապա ան երախտագիտական խօսք ուղղեց երկրի վսեմաշուք նախագահին՝ մշակութային ձեռնարկները քաջալերելու իր մշտական ճիգին համար։

Համերգը սկսաւ Կոմիտասի «Մանկական Աղօթք»-ով, ապա երգչախումբը ներկայացուց Մակար Եկմալեանի Պատարագէն երեք հատուած, Սիմոնեանի «Սուրբերու Աչքեր»-ը, Կոմիտասէն խմբերգային շարք մը, իսկ Պետրոսեանէն «Մենք Թոռներն Ենք Մաշտոցի» եւ «Իմ Ուսուցիչ» երգերը։

Երգչախումբի կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ մերթ ընդ մերթ հանդէս եկան պարման-պարմանուհիներ եւ ներկայացուցին իւրաքանչիւր երգին առնչուած խօսք մը, քերթուած մը կամ մեկնաբանութիւն մը՝ հանդիսատեսը առնչելով երգի ստեղծման պայմաններուն, մթնոլորտին եւ պատգամին։

Երգչախումբը շարունակեց իր ելոյթը եւ հրամցուց Ժ․Րէիսեանի «Այբուբեն»-ը, ապա ժողովրդային երգեր՝ «Հանիկ Նինա, Նինօ»։
Տպաւորիչ էին արաբերէն «Մեր Մանկութիւնը Տուէ՛ք» եւ «Ո՛վ Մանուկներ Աշխարհի» երգերը, որոնց ընդմէջէն փոքրիկները ողջ աշխարհին կոչ կ՛ուղղէին յարգելու պատերազմի պայմաններուն մէջ ապրող մանուկներուն ուրախանալու, խաղալու, տօնելու, իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու եւ խաղաղութիւն վայելելու իրաւունքը։

Երգերուն կողքին պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին համապատասխան պատկերներ։

Իտալերէն La Terro Luna երգին մասին լայն բացատրութիւն տուաւ Ուսումնական Խորհուդի անդամ Սոնա Ղազարեանը։ Իսկ երգչախումբը հմտօրէն երգեց զայն, յուզումնախառն պահեր ապրեցնելով ներկաներուն։

Այնուհետեւ հնչեցին հայրենասիրական հետեւեալ երգերը՝ Բադալեանի «Հէյ Ոտքի, Հա՛յ Ժողովուրդ», Քեանջունեանի «Պիտի Ապրենք»-ը, Սմբատեանի «Հայաստան»։

Համերգի ընթացքին առցանց իրենց շնորհաւորական խօսքը ուղղեցին հեռաւոր վայրեր ապրող նախկին մեսրոպմաշտոցականներ կամ Ուսումնական Խորհուրդի անդամներ, ինչպէս՝ Յովսէփ Շիթիլեանը, Ֆիմի Տէր Յակոբեանը, Թամար Թիւֆէնկճեանը, Մարալ Միսիրեանը եւ Լուսին Պէրպէրեանը։

Ելոյթի հիմնական անակնկալը, սակայն, վերջին երգն էր։ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ Անի Գալտնեան երգչախումբի 50-ամեակին առիթով բեմ հրաւիրեց 50 տարիներու ընթացքին երգչախումբին մաս կազմած անդամներ, որպէսզի երգչախումբին հետ միասնաբար երգեն վերջին երգը՝ «Երեւան Էրեբունի»-ն, խնդրելով Բերիոյ Հայոց Թեմի ԱռաջնորդԳերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանէն, որ ինք խմբավարէ վերջին այս երգը, որպէս քաջալերանք երգչախումբի յառաջիկայ երթին։

Բեմ բարձրացան սրբազան հայրն ու նախկին մաշտոցականները ու երգչախումբի անդամներուն եւ խմբավար Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին հետ մէկ ընտանիք կազմած միասնաբար երգեցին «Երեւան Էրեբունի»-ն, խմբավարութեամբ Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի։

Պահը ոգեւորիչ էր ու ներշնչող։ Մեծն ու փոքրը, խմբավարն ու երգողը կողք-կողքի կանգնած երգեցին ու արտացոլացուցին «Ս․ Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբի առաքելութիւնը հալէպահայ կեանքէն ներս, պանծացնելով Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը ու բարի երթ մաղթելով անոր։

Հանդիսականներու բուռն ծափողջոյններով եւ բեմին վրայ տիրող խանդավառ մթնոլորտին մէջ համերգը հասաւ իր աւարտին։

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղելով ըսաւ որ յիսուն տարի երգչախումբը իր զանազան փուլերով բազմահազար ժամեր, ոգի, շունչ, հոգի տրամադրեց, տագնապ ապրեցաւ, որպէսզի կարենայ հայ մշակոյթին եւ հայ երգարուեստին ճամբով մեր մատղաշ սերունդի հոգիներուն, սրտերուն եւ էութեան մէջ քանդակել հայու նկարագիրը, արուեստի եւ մշակոյթի արժէքը։

Սրբազան հայրը հաստատեց, որ այս համերգը կու գայ ինքնին կենդանի վկայութիւնը ըլլալու հայու անմահ հոգիին եւ նկարագիրին, որոնք նահանջ եւ տկարութիւն չեն ճանչնար, ընդհակառակը՝ հայը որքան տագնապի մատնուի եւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւէ, այնքան աւելի կը զօրանայ, կուրծք կը պարզէ բոլոր դժուարութիւններուն եւ կը շարունակէ իր երթը, պայքարը, առաքելութիւնն ու կոչումը։

Մակար սրբազան բարձր գնահատեց երգչախումբի շնորհալի խմբավար Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը, որ անցնող երեսուն տարիներուն առաքեալի ամբողջական նուիրուածութեամբ, գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ, արուեստի բարձրագոյն նրբութեամբ նուիրուեցաւ այս սրբազան աշխատանքին։ Ան գնահատեց դաշնակահար Շողեր Օհանեան-Քահքէճեանը եւ մեծագոյն գնահատանքը ուղղեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբի հրաշք պատանիներուն, որոնք գեղեցիկ եւ դժուար համերգ մը ներկայացուցին շնորհիւ իրենց լուրջ մօտեցումին եւ սիրոյն։ Ապա սրբազան հայրը գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք քուլիսներու ետին թէ այլ միջոցներով իրենց նիւթաբարոյական ներդրումը բերին երգչախումբի յաջողութեան։

Երեկոն փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Թղթակից