«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը վերջին երկու շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար գումարեց առցանց երկու նիստեր (8-րդ եւ 9-րդ), նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Ի հետեւումն 19-20 Յունուար 2024-ին Անթիլիասի մէջ կայացած «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի խորհրդակցական հանդիպումներու որոշումներուն, առցանց նիստերուն քննարկուեցան 24 Ապրիլի նախօրեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ եւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, գումարելի գիտաժողովին թեման եւ ընդհանուր ուղղութիւնները։
Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն շուրջ 25 պատմագէտներ, իրաւագէտներ եւ քաղաքագէտներ պիտի մասնակցին յիշեալ գիտաժողովին, քննելու համար Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանութեան ուղղութեամբ միջազգային դատական ատեաններու մօտ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կոչելու ուղիները։
Գիտաժողովին նկատի առնուած են զեկուցումներ, որոնք պիտի արծարծեն Արցախի պատկանելիութեան, հակամարտութեան էութեան, բանակցային գործընթացին, թուրք եւ ատրպէյճանական դաշինքի գործադրած ցեղասպանական շարունակակական ցեղասպանութեան, Արցախի դէմ յայտարարուած պատերազմի տարբեր արարներուն, Պաքուի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններուն, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի, ինքնորոշման իրաւունքի վերարծարծման հնարաւորութիւններուն եւ հոգեւոր պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման նպատակով միջազգային կազմակերպութիւններու ամբողջական թղթածրարներու պատրաստութեան վերաբերող հարցեր։
Այս քննարկումները պիտի հունաւորուին այնպէս, որ ծառայեն այսօրուան բարդ համապատկերին վերաբերող գործընթացները վերլուծելու եւ իրաւաքաղաքական առումով հայկական կողմին համար գոյութիւն ունեցող դժուարութիւնները յաղթահարելու ուղղութեամբ որոշ ուղենիշներ ճշդելու։
Վեհափառ Հայրապետը վերջին երկու նիստերու ընթացքին յատկապէս շեշտեց կարեւորութիւնը նման դժուարին պայմաններու մէջ մասնագիտական մարդուժը համախմբելու եւ համատեղ քննարկումներով ճանապարհային քարտէզներու գծման փորձերու անհրաժեշտութիւնը։