Գերմաներէն պիտի սորվիմ, կ’որոշեմ եւ կը սկսիմ փնտռտել թէ ո՛ւր կրնամ հետեւիլ գերմաներէն լեզուի դասերու:
Տրամաբանական է գերմաներէն սորվելու այս փափաքս, որովհետեւ աղջիկս իր ընտանիքով Հանովըր (Գերմանիա) հաստատուեր է:
Բայց տարին մէկ կամ երկու անգամ իրենց այցելելու համար կարեւո՞ր է գերմաներէն գիտնալս:
Այս դժուար, անտանելիօրէն հակա-տրամաբանական լեզուն (մեզի, հին յոյներուն կամ ֆրանսախօսներուն համար անտրամաբանական), որուն մասին Մարք Թուէյնը երկար յօդուած մըն ալ գրեր է՝ «The Awful German Language» 1880-ին, որ խորքին մէջ չորրորդ ծանօթագրութիւնն է իր ճամբորդական երկին՝ A Tramp Abroad, կ’արժէ՞ սորվիլ տարեկան մէկ-երկու այցելութեան համար:
Այստեղ փոքր փակագիծ մը բանալով պատմեմ, որ ամերիկացի հեղինակը փորձեր է «այս ահաւոր լեզուն» սորվիլ, երբ տասնհինգ տարեկան էր եւ … ձախողեր է: Յետոյ, 28 տարի ետք, Եւրոպա ճամբորդելու նախօրէին կրկին ձեռնարկեր է սորվելու, եւ այս անգամ կրցեր է կատարելագործել լեզուն: Բայց լեզուին դժուարութիւնը ստիպեր է զինք իրապէս երգիծական էջեր նուիրել անոր:
Երբ Գերմանիա հասեր են, ճամբորդութեան իր ընկերը ըսեր է՝ «Մա՛րք, գերմաներէն խօսէ՛, կարգ մը գերմանացիներ անգլերէն կը հասկնան»:
1897-ի Դեկտեմբերին Մարք Թուէյն Վիեննայի մէջ դասախօսութիւն մը տուեր է «Գերմաներէնի Սարսափները» խորագրով: Եւ իր ըսածները հաստատելու համար ամերիկացի հեղինակը անգլերէնի թարգմաներ է իր դասախօսութիւնը, բայց … գերմանավարի. արդիւնքը իսկապէ՛ս զաւեշտալի է:
Իր ծանօթագրութիւն-յօդուածին մէջ Թուէյն քանի մը օրինակներ կը բերէ, որոնցմէ ամէնէն ահաւորը բայերը կիսելու եւ անոնց միջեւ այլ բառ մը թխմելու կանոնն է. պարզ չէ՞ որ քանի մը մեթրանոց բառեր կրնան կազմուիլ այս ձեւով:
Կը կարծեմ, թէ բոլոր անոնց, որոնք կը դժգոհին հայերէնի դժուարութենէն, պէտք է ստիպել, որ գերմաներէն սորվին. այդ պարագային, բաղդատելով երկու լեզուները, մեծ ուրախութեամբ պիտի սորվին հայերէնը եւ իսկապէ՛ս պիտի հրճուին, ի տես մեր լեզուին դիւրութեան …
Այս բոլորը կ’ըսեմ, ցոյց տալու համար թէ որքա՜ն մեծ տառապանքի պիտի ենթարկուիմ, գերմաներէն լեզուն սորվելու փափաքս իրագործելու համար:
Փափաքս սակայն այլ պատճառ մը եւս ունի՝ գերմանական մամուլը, զոր կը թերթատեմ եւ, առանց շատ բան հասկնալու, կը հիանամ:
Կը հիանամ ո՛չ միայն գեղեցիկ պատկերներով, թուղթին որակով՝ հիանալիօրէն թեթեւ եւ մատներուդ տակ հաճելի, այլ
նաեւ յօդուածներուն հետաքրքրականութեամբ (կուկըլի թարգմանական գործիքը ողջ մնայ):
Գրախանութներուն մէջ մեծ պատեր կան մամուլին նուիրուած, ուր կարելի է գտնել ամէն, իրապէ՛ս ԱՄԷՆ նիւթի
վերաբերեալ հանդէսներ՝ ձիերու եւ շուներու մասին, ձկնորսութեան մասին, գինիներու, տնային յարդարանքի, ճարտարապետութեան, խոհագրերու … թուելու համար մէկ քանին:
Իսկ սուփըր-մարքէթներուն մէջ ծախուած թերթերն ու հանդէսները նուազ մասնագիտական են եւ աւելի ժողովրդային, ուր մեծ բաժին մը մանկական թերթերու եւ հանդէսներու յատկացուած է:
Այս բոլորէն անկախ, մեծ մարքէթներն ու առտնին մաքրութեան դեղերու, իրերու եւ կնոջական դիմայարդարումի նուիրուած շատ մեծ խանութներէն իւրաքանչիւրը ունի իր ամսաթերթը, ուր աւելի աչքի կը զարնեն օգտակար յօդուածները, քան անոնց ընդմէջէն եղած ծանուցումները. այս վերջիններն ալ սոսկական ծանուցումներ չեն, այլ բացատրութիւններով յագեցած գրութիւններ, որոնք ընթերցողը կը մղեն մտածելու, եւ ըստ այդ՝ համոզուելու կամ ոչ: Ամէն պարագայի համոզուելու կամ չհամոզուելու համար, նախ տուեալ ապրանքին մասին պէտք է որոշ գաղափար ունենալ, իսկ գաղափար ունենալու համար, պարզ է որ պէտք է գրութիւնը կարդալ:
Այս մեծ վաճառատուներու հանդէսները բոլորն ալ ձրիաբար կը տրամադրուին վաճառատան մուտքին:
Օրինակ շատ պիտի փափաքէի գիտնալ, թէ ի՞նչ կ’ըսէ dm վաճառատան alverde հանդէսին այս յօդուածը, որուն նկարը յստակօրէն կը բացատրէ, թէ համացանցային հարթակներու մասին է գրութիւնը, կամ միւսը, որ թերաճ մանուկներու մասին ըլլալու է:
Մեծ մարքէթները տարին երկու թէ երեք անգամ հարուստ խոհագիրք-հանդէսներ ալ կը հրատարակեն. ասոնք եւս, մնացեալին նման ձրի կը տրամադրուին:
Երբ առաջին անգամ տեսայ այս հանդէսները, նախ անմիջապէս գացի փնտռելու խմբագիրը եւ նայելու թէ խմբագրական կազմ ունի՞ն:
Ունի՛ն, ինչպէս որեւէ ինքզինք յարգող հանդէս:
Բայց մանաւանդ ընթերցող ունին:
Երբ նման հանդէսներու հանդիպեցայ առաջին անգամ, հարցումը ցատկեց միտքիս մէջ՝ «Ո՞վ կը կարդայ այս հանդէսները»:
Պատասխանը աւելի քան պարզ էր սակայն՝ «Եթէ ընթերցող չունենան, կը դադրին»:
Ահա թէ ինչո՛ւ կ’ուզեմ գերմաներէն սորվիլ, որովհետեւ իրապէ՛ս կ’ափսոսամ այսքան հանդէս ունենալ ափերուս մէջ եւ չկարենալ ընթերցել զանոնք:
Բայց ես կը մտածէի տարբեր ուղղութեամբ յօդուածս տանիլ, պատասխանելու համար «Ի՞նչ է մամուլին դերը այսօր» հարցումին:
Ի՞նչ է մամուլին դերը այսօր. ճշմարտութի՞ւնը փոխանցել ընթերցողին, թէ՞ սնամէջ բառերով սնամէջ յոյսեր օրօրել եւ կամ՝ վերապրեցնել անցեալ մը, հեռու թէ մօտիկ անցեալ մը, որ վերջացած է եւ որ ալ բնա՛ւ ետ պիտի չգայ:
Այսքանը անշուշտ մեր՝ հայկական, մանաւանդ սփիւռքահայ մամուլին մասին է, որ կէս դարէ ի վեր կը տառապի ընթերցողի պակասէն:
Կար ժամանակ, երբ մեր մամուլը կը ծառայէր ո՛չ միայն լուրեր փոխանցելու, երբ տակաւին ընկերային ցանցեր, ընդհանրապէս համացանց գոյութիւն չունէր տակաւին, այլ կը ծառայէր նաեւ ու մանաւանդ կարծիք ձեւաւորելու եւ որոշ երեւոյթներ պարզելու:
Մամուլին վստահուած այլ դեր մը եւս կար՝ գրականութիւն տարածել, գրական ճաշակը նրբացնել եւ նոր գրողներու
առիթ տալ, որ իրենց գործերը ընեթերցողի դատին յանձնեն:
Այն օրերուն ընթերցողները աւելի բանիմաց էին, իսկ նոր գրողները՝ աւելի պատասխանատու եւ զգոյշ: Որեւէ սխալ, որքան ալ փոքր, կրնար անդրադարձ ունենալ եթէ ոչ ընթերցողին, ապա անպայմա՛ն խմբագիրին կողմէ:
Շատ լաւ կը յիշեմ բանաստեղծութեան տող մը, զոր կարդացեր էի Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթի խմբագիրի խօսքին մէջ, ուր կը ներկայացնէր նոր բանաստեղծ մը, որուն անունը այսօր չեմ յիշեր, բայց տողը չեմ կրնար մոռնալ. խորքին մէջ ոչ թէ տող, այլ՝ միայն երկու բառ.
« … համբոյր ու նազ»
Որոնց համար խմբագիրը կ’ըսէր՝ «Մա՛նչս, պէտք է գիտնաս որ նախ նազը կու գայ, ապա համբոյրը, համբոյրը առնելէ ետք, ալ ի՞նչ նազ …»:
Ասանկ բաներ, որոնք այսօր չկան եւ որոնց կարօտը կը ստիպէ նոր լեզու մը սորվիլ:
Ճի՞շդ եմ թէ ոչ, չեմ գիտեր:
Մարուշ Երամեան