ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան կը հաղորդէ, որ 22 Յունուարին Հայաստանի Վարչական դատարանը բաւարարած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի եւ ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Մասիս Աբրահամեանի դատական հայցերը ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան` պարտաւորեցնելով Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Մուրատ Փափազեանի եւ Մասիս Աբրահամեանի վերաբերեալ տուեալները հանել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ անցանկալի նկատուող օտարերկրացիներու տուեալներու շտեմարանէն:
Վարդանեան նաեւ կը տեղեկացնէ, որ նկատի ունենալով հարցին հանրային լայն հնչեղութիւնը եւ համակարգային բնոյթը, այլ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու համար 25 Յունուարին, ժամը 12:00-ին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս` գործով ներգրաւուած փաստաբաններ Սիրանոյշ Սահակեանի, Ռուբէն Մելիքեանի եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի մասնակցութեամբ: