Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Երափեթրիթիս պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Երեւան։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Եորղոս Երափեթրիթիս պիտի հանդիպի ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին, որմէ ետք նախարարները հանդէս պիտի գան միատեղ մամլոյ ասուլիսով։