Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Պասսամ Սապպաղ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհ. քարտուղարին անվտանգութեան պահպանման գործունէութեանց հարցերու ներկայացուցիչ Ժան Փիեր Լաքրուան, որուն ընկերակցեցաւ «Անտով» ՄԱԿ-ի բախումներու առկախման աշխատանքներու ղեկավար զօրավար Ներմալ Սապան եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան տարածաշրջանին մէջ «Անտով»ի գործընթացին եւ այս գծով սուրիական կառավարութեան տրամադրած դիւրութիւններուն շուրջ։
Սապպաղ անհրաժեշտ նկատեց 1967-էն ի վեր սուրիական գրաւուած Կոլանի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները կանխելու գծով ՄԱԿ-ի որոշման գոյացումը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումներուն դադրեցումը, շեշտելով, որ անվտանգութեան պահպանման բանակցութեանց զեկոյցներուն մէջ պէտք է մանրամասնօրէն ներառուին այդ յարձակումները։
Իր կարգին ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Սուրիա այցելութեան նպատակն է «Անտով»ի գործնթացը հետապնդել եւ անոր կեդրոնները այցելել, ինչպէս նաեւ սուրիացի պատասխանատու մարմիններու հետ տեսակցիլ, յայտնելով, որ ՄԱԿ-ը իր կարելին ի գործ կը դնէ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւններէ խուսափելու համար։ Ան կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիական կառավարութեան «Անտով»ի գործընթացին տրամադրած դիւրութիւններուն համար։