Նոր Տարին եւ Ամանորը կը յիշատակենք Յունուար ամսուն սկիզբը։
Իսկ ժամանակին ինչպէ՞ս ՝ ե՞րբ  տօնուած են անոնք …
Ըստ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի, Նոր Տարին սկսաւ տօնուիլ ճիշդ Բաբելոնեան աշտարակաշինութենէն ետք։
72 ազգերը ցրուեցան՝ իւրաքանչիւրը իր երկիրը ու ամէն մէկը սկսաւ տարեմուտը  յիշատակել այն օրը, երբ մտաւ իրեն յատկացուած աշխարհը։
Նոյնը կը տեսնենք նաեւ Աստուածաշունչին մէջ: Աստուած կը հրահանգէ հրեաներուն, որ առաջին ամիսը  Եգիպտոսէն դուրս ելլելու ամի՛սը համարեն։ «Ան թող տարուան առաջին ամիսը ըլլայ» (Ելք 12.2), կ’ըսէ Աստուած:
Երբ 72 ազգերէն իւրաքանչիւրը հասաւ իրեն սահմանուած երկիրը՝ այդ ամիսը համարեց ամիսներու ՝ տարուան սկիզբ: Ահա այսպէս հրեաներու  տարուան սկիզբը եղաւ Նիսան (Ապրիլ) ամիսը, հռոմէացիներունը՝ Յունուարը, հայերունը՝ Նաւասարդը (Օգոստոս) եւ այլն:
Սակայն քրիստոնէութիւնը պետականօրէն հաստատուելէ   ետք, եկեղեցական հայրերը որոշեցին նոր տարուան սկիզբը տօնել Յունուարին, որ ձմրան մէջ   էր։
Ըստ քրիստոնէական ուսուցումներուն, ձմրան մէջ կարելի էր իւրայատուկ խորհուրդ մը նկատել:
Մինչեւ անոր բացատրութեան անցնիլը, նախ տեսնենք, թէ ուրկէ՞ յառաջացած է  Յունուար ամսուան անունը:
Հեթանոսութեան շրջանին հռովմէացիները  աստուած մը ունէին Յանուս անունով, որ երկու դէմք ունէր, մէկը կը նայէր դէպի ետ, իսկ միւսը՝ առաջ։Այս կը խորհրդանշէր անցեալը՝ ապագան, անցնող՝ գալիք տարիները: Եւ ահա ,ճիշդ  անոր անունով ալ կոչուած է այդ ամիսը: Հիմնականը, քրիստոնեաները Նոր Տարին ձմրան կը նշեն,որն իր մէջ  խորհուրդ մը կը կրէ :
Ձմրան, ամէն ինչ կը մեռնի, ինչպէս որ ցոյց կու տայ անոր  անուան բառացի նշանակութիւնը՝ ձմեռ կամ ձիւնամեռ։Այսինքն՝ ձիւնէն ամէն ինչ կը մեռնի։Բոյսերը կը չորնան, ծառերը կը մերկանան, ջուրերը կը կը պաղին ու կը սառին, ՝ երկիրը ծաղկելէ ու ծնունդէ     կը դադրի։ Նոյնպէս ՝ մեղքով մեռած հոգիները կը պաղին Աստուծոյ սէրէն: Այս տեսանկիւնէն մեկնած, քրիստոնեայ Հայրերը տարուան սկիզբը  ձմրան մէջ  որոշեցին, որպէսզի մենք մեր մեղքերուն զազիր գործերը յիշելով՝ զղջանք մեր հոգւոյն խորքը :
Ձմեռը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ մեր ելքը այս կեանքէն,սակայն, քանի որ ան իր մէջ ե’ւս ապագայ յարութեան խորհուրդն ունի, հետեւաբար՝ կը յիշեցնէ  յաւիտենական կեանքի մասին:
Իսկ ինչու՞ այդ մէկամեայ ժամանակամիջոցը տարի կը կոչուի: Տարի կը կոչուի, որովհետեւ կը տանի մեր կեանքէն՝ ժամանակէն մաս մը, ամէ՛ն բան կը տանի եւ մեզի ոչի՛նչ պիտի մնայ: Ուրեմն , պէտք չէ՛ հոգանք միայն անցողիկ կեանքի նիւթական արժէքներուն համար, այլ` հոգեւորին ՝ յաւիտենականի՛ն համար եւս։
Յօդուածը կազմեց՝
Յաննա Յարութիւնեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
Նորա Տանակէօզեան-Մանսուրեան