«Մենք չէինք, որ լքեցինք Ղարաբաղը, Հայաստանն էր, որ ճանչցաւ, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս է», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ պատասխանելով «Միր» հեռուստատեսութեան թղթակիցի հարցումին ԱՊՀ ապագային մասին՝ նկատի առնելով Հայաստանի ու Մոլտովայի դիրքորոշումները։ Ինչպէ՞ս նախագահը ընդհանրապէս կը գնահատէ հետխորհրդային տարածքին գրանցուած միաւորումները:

«Հայաստանի մէջ Ղարաբաղի հետ կապուած պարզ գործընթացներ չեն ընթանար։ Սա բոլորս կը հասկնանք։ Մենք չէինք, որ լքեցինք Ղարաբաղը, Հայաստանն էր, որ ճանչցաւ, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս է։ Անոնք ատիկա իրականութեան մէջ կատարած են սեփական նախաձեռնութեամբ, իսկ մեզի առանձնապէս չեն տեղեկացուցած, որ պատրաստուին նման որոշումի։ Սա պարզապէս փաստի հաստատում է, քանի որ անոր մէջ կան եւ դրական, եւ բացասական կողմեր: Ատիկա տեղի ունեցաւ եւ ներքաղաքական գործընթացները բարդ են», ըսած է Փութին։