4 Հոկտեմբերին Միջազգային Իրաւական Հարցերու ներկայացուցիչը, Դատարանի կանոններու 39-րդ կանոնի հիման վրայ դիմած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան Լեռնային Ղարաբաղի նախկին եւ ներկայ ղեկավարութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն՝ Եւրոպական համաձայնութեան 2-րդ եւ 3-րդ յօդուածներով երաշխաւորուող իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու նպատակով, պահանջելով նաեւ ստիպել Ատրպէյճանը անյապաղ ազատ արձակելու զանոնք: Այս մասին կը տեղեկացնէ Միջազգային Իրաւական հարցերու ՀՀ ներկայացուցիչը:
«Միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչը, հիմք ընդունելով ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած շարք մը տեսանիւթերը, խնդրած է Դատարանէն՝ Ատրպէյճանը պարտաւորեցնել տեղեկացնելու իր վերահսկողութեան տակ յայտնուած ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիական անձերու մասին ու տրամադրելու ամբողջական տուեալներ։
Աւելի ուշ Եւրոպական Դատարան ներկայացուած դիմումի մասին Ատրպէյճան դատարանին ներկայացուցած էր Ռուբէն Վարդանեանի մասին տեղեկատուութիւն, որ փոխանցուած է վերջինիս մերձաւոր ազգականներուն:
Յ. Գ. Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանէն անձերու մասին տեղեկութիւնը փոխանցուած է անոնց հարազատներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: