«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Արցախի անկախութեան 32-րդ տարեդարձին առիթով։
Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն.

«32 տարի առաջ՝ 2 Սեպտեմբեր 1991-ին, Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանի Ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդներու միատեղ նստաշրջանը հռչակեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

5 Յուլիս 1921-էն՝ Ատրպէյճանին ապօրինի բռնակցելու պահէն սկսեալ եւ Ատրպէյճանական ԽՍՀ-ի մէջ գտնուելու ողջ ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երթալով կը սաստկանար Ատրպէյճանի վարած խտրականութեան քաղաքականութիւնը, բնիկ հայ ժողովուրդին հանդէպ ստեղծուած էր ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ, որ յանգեցուցած էր զինեալ բախումներու, մարդկային զոհերու եւ հայկական գիւղերու խաղաղ բնակչութեան զանգուածային բռնատեղահանումի:

Զարգացումներու կործանարար ընթացքը կանխելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը օգտուեցաւ ԽՍՀՄ գործող Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով ամրագրուած իր իրաւունքէն՝ 3 Ապրիլ 1990-ի՝ ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի «ԽՍՀՄ կազմէն միութենական հանրապետութիւններուն դուրս գալու մասին» օրէնքի դրոյթէն, որուն համաձայն՝ «ինքնավար հանրապետութիւններն ու ինքնավար կազմաւորումները իրաւունք ունին ինքնուրոյն որոշել ԽՍՀՄ կազմին մէջ եւ կամ անոր կազմէն դուրս եկող միութենական հանրապետութեան մէջ մնալու հարցը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել սեփական պետական իրաւական կարգավիճակի հարցը»:

Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը վերահաստատուեցաւ նոյն թուականի 10 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած համաժողովրդական հանրաքուէի արդիւնքներով եւ 6 Յունուար 1992-ին՝ ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նստաշրջանին ընդունուած անկախութեան հռչակագիրով։

Երեք տասնամեակ անց Ատրպէյճան իր իսկ սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմին հետեւանքով տիրած է Արցախի Հանրապետութեան տարածքի զգալի մասին: Նպատակ ունենալով հասնիլ Արցախի վերջնական հայաթափումին՝ Դեկտեմբեր 2022-էն առ այսօր՝ շուրջ 9 ամիս շարունակ, Ատրպէյճան, անտեսելով 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի եւ ՄԻԵԴ-ի իրաւաբանօրէն պարտադիր որոշումները, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերը, կատարեալ պաշարման մէջ կը պահէ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը՝ զրկելով զայն բոլոր հիմնարար իրաւունքներէն եւ ազատութիւններէն, ստեղծելով կեանքի համար անտանելի կենսապայմաններ եւ մատնելով սովահարութեան:

Նկատի առնելով վերոնշեալ հանգամանքները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն արցախցիներու հասցէին անընդհատ հնչող սպառնալիքներն ու հաշուեյարդարի կոչերը` Արցախի ժողովուրդին դէմ տարուող ցեղասպանական քաղաքականութեան կանխման կարեւոր երաշխիքներէն մէկը կրնայ դառնալ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:

Երախտագիտութիւն յայտնելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ ազատութեան համար պայքարած մեր բոլոր հայորդիներուն ու գլուխ խոնարհելով արցախեան երեք պատերազմներուն նահատակուած մեր հերոսներու յիշատակին առջեւ՝ կը վերահաստատենք, որ Արցախը եղած է եւ կը մնայ համահայկական միասնականութեան առանցք՝ շարունակելով իր որդեգրած ուղին եւ պայքարելով մեր արժանապատիւ լինելիութեան համար:

Կը յորդորենք ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ներգրաւուած բոլոր միջազգային դերակատարները ձեռնարկել անյետաձգելի եւ գործուն քայլերու՝ կանխելու Արցախի ցեղային զտումն ու անոր բնիկ ժողովուրդին հայրենազրկումը»։