Լոյս տեսած է «Դրօշակի» յունիսեան թիւը: Ընթերցողին ներկայացուած է «Դրօշակի» Յունիսի թիւը: Պաշտօնաթերթի հերթական համարին մէջ կրկին կը գերակշռէ Հայաստան-Արցախի նիւթը: Հեղինակները տարբեր դիտանկիւններէն կը քննեն Հայաստանի իշխանութիւններուն իրականացուցած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, որ թելադրուած չէ ազգային շահերէն ու մտահոգութիւններէն և կործանարար է Արցախի ու Հայաստանի համար: Վարդան Յակոբեանի «Կլոպալիզմի Գաղափարաբանութիւնը եւ Նեոլիպերալների Յեղափոխականութիւնը» յօդուածը կը ներկայացնէ թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն այդ քաղաքականութիւնը ինչ հիմքեր ունի եւ ինչ վերազգային նպատակներ կը հետապնդէ:
«Տարածաշրջանային» եւ «Աշխարհաքաղաքական» խորագրերուն տակ «Դրօշակը» կը ներկայացնէ հետաքրքրական վերլուծութիւններու խճանկար:
Արեւելագէտ Արմէն Պետրոսեան անդրադարձած է Ատրպէյճան-Իսրայէլ սերտացող յարաբերութիւններուն, որ իր գործնական արտայայտութիւնը ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:
Հեղինակը փաստարկներով հիմնաւորած է, որ այդ գործակցութիւնը ուղիղ համեմատութեամբ կը մեծցնէ Ատրպէյճան-Իրան յարաբերութիւններու մէջ առկայ լարուածութիւնը:
Ազգային անվտանգութեան հարցերու փորձագէտ Արփի Աբրահամեան այս անգամ կը ներկայացնէ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին քաղաքականութեան նոր հայեցակարգը, ըստ այդ հայեցակարգին պիտի ճշդուին Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան վերանայումներն ու նոր առաջնահերթութիւնները:
Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնին ներկայացուցած յօդուածին մէջ վերլուծուած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն յետոյ Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու հեռանկարին հարցը: Հարցը կը քննարկուի, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ որդեգրած քաղաքականութեան համար:
«Դրօշակի» յունիսյան համարին մէջ տեղ գտած են շարք մը այլ յօդուածներ, որոնք ապահոված են համարի ժանրային բազմազանութիւնը: