1911-ին Զաւարեան կը վերադառնայ Պոլիս եւ կը շարունակէ իր նախկին պաշտօնները (ղեկավար եւ «Ազատամարտ» թերթի յօդուածագիր), առաւել Եսայեան վարժարանի մէջ ուսուցիչի պաշտօն կը ստանձնէ, չնչին ամսականով: Զաւարեան խնայողութիւնն ու ժուժկալութիւնը հասցուցած էր ծայրայեղ, աներեւակայելի աստիճանի մը, բացարձակապէս մերժելով ամէն տեսակի օգնութիւն որեւէ կողմէ:
Ոչ ոք կրցած է Զաւարեանի նման իր անձին օրինակով տարածել իր քարոզած գաղափարները. չափազանցութիւն չէ երբ զինք կը նմանցնեն Յիսուսի, բոլորովին հրաժարած՝ անհատական ապրումներէն, նուիրուած իր ժողովուրդի բարօրութեան եւ զարգացման:
Իր հիմնական սկզբունքն էր աշխատիլ ժողովուրդին մէջ ու ժողովուրդին համար: Իր կեանքի իմաստը զոհողութեան ու ծառայութեան մէջ էր: Իր միտքն ու ժամանակը ընդմիշտ կլանուած էր հայ ժողովուրդով:
Մեծ քաղաքներու հայ երիտասարդութիւնը կը մղէր գաւառներ եւ գիւղեր մեկնելու, ծառայելու հայրենի հողին, ծանօթանալու հայ գիւղացիի կեանքին, զրկանքին, տառապանքին ու իր հողին կապուածութեան:
Ան կ’ըսէր. «Ոչ մէկ յեղափոխական շարժում կրնայ հիմնականօրէն արմատաւորուիլ ժողովուրդին մէջ, եթէ այդ ժողովուրդը հոգեպէս, ֆիզիքապէս եւ նիւթապէս իր կարելի զոհաբերութիւնը չբերէ այդ շարժումին: Առանց ժողովուրդի մասնակցութեան, ան կ’ըլլայ մակերեսային, չի խորանար եւ չի դառնար միս ու արիւն»:
Գալով ղեկավարի անհատականութեան, Զաւարեան իր մաքուր բարոյականով, անկեղծութեամբ եւ պարզութեամբ գրաւած էր ամէնուն սիրտը:
Ժողովուրդը այս արժանիքներն է, որ կը փնտռէ իրեն մօտեցող գործիչին մէջ, եւ եթէ չկան, ոչ խելք, ոչ ալ իմացականութիւն կրնայ շահիլ անկէ:
Այս էր գաղտնիքը այդ հրապուրող ուժին, որ ակամայ դէպի իրեն կը քաշէր նոյնիսկ առաջին անգամ զինք տեսնողը: Ան սէր ու յարգանք կը վայելէր բոլորին կողմէ:
Իր համոզումը եւ հաւատամքը Դաշնակցութեան մասին հետեւեալն էր. «Դաշնակցութեան ուժը անհատներու չէ կապուած, ան շունչ մըն է, որ պէտք է տեղաւորուի եւ ամրանայ իւրաքանչիւր ընկերոջ սրտին ու հոգիին մէջ, մինչեւ մահ: Մեր ժողովուրդի շունչն է այդ, որ տարածուելով պիտի իյնայ անոր հաւատացող հոգիներուն մէջ եւ արգասաւորէ մեր գործը, եւ այդ շունչը երբեք պիտի չմարի, եւ առկայծող կանթեղի մը, ու անթեղուած կրակի մը պէս պիտի պլպլայ, ու մոխիրը տաք պահէ մինչեւ կրկին արծարծուիլը, առանց ազդուելու փոթորիկներէ եւ սառնամանիքներէ»:
Յետոյ կը շարունակէ ըսելով. «Հաւատացէ՛ք Դաշնակցութեան համակիրներուն, որոնք աւելի պիտի շատնան երբ մենք պահենք մեր շունչը, հաւատացողներուն թիւը շատ աւելի է քան իր ընկերներուն թիւը, որովհետեւ անոր իտէալը եւ աշխատանքը միայն հայ ժողովուրդին համար են, ինք այդ ժողովուրդին հաւատաւոր զաւակն է»:
Զ. Վարդան «Ազատամարտ» թերթի քարտուղար (այդ ժամանակ), Զաւարեանի այս հաստատումը այսպէս կ’եզրափակէ. «Հիմնադիրներու շունչը սուրբ է եւ մաքուր: Անոնց հետեւողները կը մնան ու պիտի մնան այդ շունչին տակ, ինչ պարագաներու մէջ ալ շարունակուի հայ ժողովուրդին կեանքը»:
13 Հոկտեմբեր 1913-ին, հայութիւնը Պոլսոյ մէջ (եւ ուրիշ շատ մը քաղաքներու մէջ) կը տօնէ հայ գիրերու գիւտին 1500-ամեակը, եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակը: Ձեռնարկը շատ յաջող կ’ընթանայ, ժողովուրդը գոհ եւ ուրախ կը վերադառնայ:
Յաջորդ օրը՝ 14 Հոկտեմբերի Երկուշաբթին, աղէտի եւ սուգի օր մը կ’ըլլայ հայութեան համար: Զաւարեան աշխատանքի տան դրան առջեւ սրտի տագնապով գետին կ’իյնայ անշունչ, անակնկալօրէն սուգի մէջ ձգելով բոլորը:
25 տարի յարատեւ, տքնաջան, առանց դադարի աշխատանքը վերջ կը դնէ իր յոգնած սրտին:
Որքան որ իր կեանքը եղած էր համեստ, պարզ, ժուժկալ, հեռու ձեւակերպութենէ, այնքան արքայավայել եղան իր յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը: Պոլսոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ դագաղին առջեւ դամբանականներ խօսեցան Աւետիս Ահարոնեանը, Գ. Խաժակը, Դանիէլ Վարուժանը, Մշոյ Գեղամը: Ամէնքը լացին, երբ Շահմուրատեան երգեց «Խաւարեալ Գիշերի Ողբը», իսկ մեծն Կոմիտաս «Ի Վերին Երուսաղէմ»-ը:
Մարմինը փոխադրուեցաւ Տրապիզոն, Պաթում, Թիֆլիս: Իւրաքանչիւր կայանի մէջ դիմաւորուեցաւ հազարաւոր սգակիրներով: Թաղուեցաւ Թիֆլիսի Խոջեվանքի գերեզմանատունը, ուր կը հանգչէին Ռաֆֆին, Արծրունին եւ հետագային՝ Նիկոլ Դումանը, Քեռին եւ Ռոստոմը:
Ցաւակցական հեռագիրներու տարափը կը տեղար «Ազատամարտ»-ի խմբագրատան հասցէին: Սփիւռքի հայաշատ բոլոր քաղաքներուն մէջ սգահանդէսներ, քառասունքներ, հետագային տարելիցներ տեղի ունեցան իր անմար յիշատակին:
ԿՏԱԿԸ
Մ. Արծրունի Զաւարեանի մահուան առիթով հետեւեալը կը գրէ. «Կտակ չի նշանակեր միայն նիւթական արժէք ունեցող կտոր մը թուղթ: Ամէն կեանք, որ կ’աւանդէ իր շրջանը հո՛ս երկրի վրայ, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, կամայ թէ ակամայ, գրաւոր թէ անգիր, կտակ մը կը ձգէ իր ետեւը, շատ աւելի արժէքաւոր, քան այն թուղթը իր նիւթական արժէքներով: Զաւարեանի պարագային ան մեզի ձգեց իր «կեանքի կտակը», որ կ’ամփոփուի երկու բառերու մէջ՝ «Անաղմուկ պայքար»: Ան մինչեւ իր կեանքին վերջը եղաւ պայքարի դրօշակիր զինուոր, «հոսանքն ի վեր» նշանաբանով: Այդ պայքարին տուաւ խորութիւն, լրջութիւն եւ պատկառանք, որպէս անաղմուկ պայքարի սկզբունք:
Զաւարեան գործունէութեան վայր կ’ընտրէր յաճախ անծանօթ անկիւններ, կ’երթար հոն, ուր պարտականութիւնը կը կանչէր, եւ այնպիսի վայրեր, ուր իր մակարդակին վրայ գտնուող շատեր պիտի չյօժարէին երթալ: Մեր անփորձ երիտասարդութիւնը շատ պէտք ունի Զաւարեանէն սորվելու անաղմուկ գործել, պայքարիլ առանց «փոշի ամպեր» յարուցանելու իր շուրջը»:
Նոյն առիթով Արմէն Գարօ կը գրէ. «Զաւարեան նոյնիսկ քրիստոնէական կրօնէն աւելի մարդասէր վարդապետութիւն մը ունէր իր սրտին մէջ: Ան չափազանց խստապահանջ էր իր անձին եւ իր ընկերներուն նկատմամբ, աւելի քան հին քրիստոնեաները, եւ այն համոզումը ունէր, թէ զրկանքն ու տանջանքը մարդու հոգին կ’ազնուացնեն»:
Իսկ Գաբրիէլ Լազեան կը գրէ. «Զաւարեան խոր հետք ձգեց ամբողջ հայ կեանքին մէջ, չենթարկուեցաւ կեանքի հարկադրած պայմաններուն, ընդհակառակը. անոնց դէմ անվհատօրէն մաքառեցաւ»:
Պատմական դէմքեր կան, որոնք ծնունդ կ’առնեն միջավայրէն, դէպքերէն, իսկ ուրիշներ իրենք կը ստեղծեն նոր պայմաններ, նոր մթնոլորտ: Զաւարեանը անոնցմէ էր, կեղծիքի ու սուտի աշխարհին մէջ բարոյական
հասկացութիւններ տարածեց: Իր գաղափարները արմատ ձգեցին, որովհետեւ իր խօսքը եւ գործը համապատասխան էին իրարու:
Իր մահէն մէկ օր առաջ, հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակին առիթով «Ազատամարտ»-ի բացառիկին գրած էր յօդուած մը. «Խօսքը Առանց Գործի Մեռեալ Է» վերնագիրով:
Այս անակնկալ եւ տխուր առիթով, աշխարհասփիւռ թերթեր, գաղափարակից թէ հակառակորդ, ամենաջերմ բառերով եւ անկեղծութեամբ յօդուածներ գրեցին: «Բիւզանդիոն» Դաշնակցութեան գաղափարին անհաշտ ու հակառակորդ թերթը, Զաւարեանի կենսագրութիւնը տալէ ետք, այսպէս կը նկարագրէ յուղարկաւորութիւնը. «Այս մաքուր ու անշահախնդիր գործիչը, այս գաղափարական վեհանձն ու ազնիւ հերոսը իր դագաղին շուրջ բերած, համախմբած էր ծովածաւալ բազմութիւն մը, որուն նմանը չէ տեսած Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, եւ թափօր մը այնքան հսկայ, որուն մասնակիցները աւելի քան տասը հազարի կը հասնէին»:
Իսկ «Պաքու» ռուսերէն լեզուով հայկական թերթը կը գրէր. «Հանգուցեալը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր իր գաղափարակիցներուն մէջ: Ան խորապէս կը յարգուէր իր հակառակորդներէն: Բառին իսկական իմաստով ոսկի մարդ էր, ձուլուած ամբողջապէս ազնիւ մետաղէ, առանց որեւէ խառնուրդի»:
Եւ այսպէս անթիւ անհամար յօդուածներ, վկայութիւններ, յուշեր, դէպքեր, գրուած ընկերներու եւ գործակիցներուն կողմէ, ցոյց կու տան բարոյապէս մաքուր նկարագիրը եւ անձնուիրութիւնը հանդէպ իր հաւատք ընծայած գաղափարին, կեանքին մինչեւ վերջին շունչը:
Մահեր կան, որոնք կեանք կը ծնին: Զաւարեան մեռաւ այդպիսի մահով:
Եթէ կ’ուզենք պարզել հաւաքական կեանքի յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը, եթէ կ’ուզենք գիտնալ թէ ինչպէ՛ս, ինչպիսի՛ հրաշքով մեր ցաք ու ցրիւ, աշխարհի չորս կողմը ակամայ եւ բռնի տարածուած ու դարերով պառակտուած, տառապած ցեղի մը ծոցէն ծնունդ առած Դաշնակցութիւնը այսօր շուրջ 133 տարի կանգուն կը մնայ դիմագրաւելով բազում փոթորիկներ: Եթէ կ’ուզենք պարզել, թէ հայ քաղաքական ու ժողովրդական այս կազմակերպութիւնը, որ յեղաշրջելով ցեղիս մտայնութիւնն ու հոգեբանութիւնը, ինչպէ՞ս զայն առաջնորդեց դէպի ազատութիւն եւ անկախութիւն դարերու ստրկութենէն ետք, պէտք է յիշենք անոր առաջին անձնուէր, անշահախնդիր ղեկավարները, պէտք է յիշենք որ կազմակերպութեան գլուխն էին կանգնած բուռ մը Զաւարեաններ:
(Շար. 3 եւ վերջ)
Սօսի Եագուպեան-Ղազարեան