2 Մայիսին Մայր աթոռի տեղեկատուական բաժանմունքէն «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են, որ հայ եկեղեցականները կը շարունակեն Դադիվանքին մէջ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը: «Մեր եկեղեցականները կը շարունակեն Դադիվանքին մէջ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը՝ շնորհիւ ռուս խաղաղապահներու երախտարժան առաքելութեան, որով կ’ապահովուի վանքի անվտանգութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի Դադիվանքի աղուանական ըլլալու կեղծ պնդումներուն, պատմական անհերքելի փաստ է, որ վանքը ի սկզբանէ եղած է հայկական եւ որեւէ առնչութիւն չէ ունեցած Աղուանից եկեղեցւոյ, կամ այսօրուան նորայայտ աղուանա-ուտիական կրօնական համայնքին հետ », յայտնած են Մայր Աթոռէն: